Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 4, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 165 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի յատուկ օրինագիծը վաւերացնելու առումով բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած է: Այս առումով, յանձնախումբը երկուշաբթի, 7 յունիսին պիտի գումարէ իր վերջին նիստը, որմէ ետք յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս պիտի գայ կէսօրուան ժամը 12:30-ին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի առողջական վիճակի վատթարացման մասին շրջան ընող լուրերէն ետք, երէկ կարգ մը աղբիւրներ հաստատեցին, որ սէյիտ Նասրալլայի առողջական վիճակը լաւ է արդէն` աւելցնելով, որ ան պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ երեքշաբթի, 8 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով:

ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար Ռիչըրտ Մայքըլզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հարիրիի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Պասեմ Շապ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքի նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը երկրին տագնապներուն լուծումներ ապահովելու միակ միջոցն է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնակատար Իյաքի Այթոն, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն եւ անոնց հիւրընկալ ընկերութիւններուն վերաբերող հարցեր` Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական-ընկերային ճնշուած պայմաններուն լոյսին տակ: Հանդիպումին ընդգծուեցաւ նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուելու առումով սուրիացի տեղահանուածները քաջալերելու կարեւորութիւնը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան հարցին կապուած խնդիրներ: Հանդիպումին ընթացքին Սաատ յայտնեց, որ փլուզումէն կարելի չէ դուրս գալ` առանց քաղաքական ամբողջական փոփոխութիւն յառաջացնելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ անարժան է հանրապետութեան նախագահին աջին նստեցնել մէկը, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կը ջանայ վարկաբեկել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը բեւեռներու կառավարութեան մասին յայտարարութիւնը կատարեց իբրեւ «զայրոյթի արտայայտութիւն»` կառավարութեան կազմութեան արգելակուած հոլովոյթը լուծելու իմաստով միջոցներու չգոյութեան պատճառով:

ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պատասխանատուներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի նախագահ Աունի իշխանութեան աւարտին` աւելցնելով, որ Հարիրի Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է, թէ մտադիր է խորհրդարանէն հրաժարիլ:

 

 

Նախորդը

«Շուշին Քաղաքակրթական Խաչմերուկի Հանգամանք Վաստակած Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի Եւ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգման Փորձ Մը

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?