Կեդրոնական դրամատան կողմէ թիւ 151 հրամանագիրի գործադրութեան վերջ տալու որոշումէն ետք (տեսնել էջ 2), երէկ ուշ երեկոյեան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ քաղաքացիներ այդ որոշումին դէմ իբրեւ ընդվզումի եւ վրդովումի արտայայտութիւն ցոյցեր կատարեցին: Անոնք փակեցին Ժալ Էլ Տիպի մայրուղին երկու ուղղութեամբ, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի ճամբան, Ժիէի մայրուղին երկու ուղղութեամբ եւ դէպի Էշրեֆիէ տանող Պըրժ Ղազալի ճամբան երկու ուղղութեամբ: Աւելի ուշ ցուցարարներուն թիւերը սկսան բարձրանալ Ռինկի կամուրջին վրայ:
Դրամատուներու ելեկտրոնային դրամարկղերուն առջեւ յառաջացան հերթեր` տոլարը 3900 լիբ. ոսկիէն ստանալու: