Մինչ Փիեռ Տիւքան Հասաւ Լիբանան, Ամերիկացի Եւ Ֆրանսացի Դեսպաններ Պիտի Մեկնին Սէուտական Արաբիա` Քննարկելու Համար Լիբանանի Կացութիւնը
Կութիերես. «Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Պէտք Է Կազմել Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը` Պաշտպանելու Համար Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը» Դէպի Լիբանան եւ Լիբանանէն դուրս պետական այցելութիւնները այս օրերուն կ՛ապրին աշխուժացում մը, որ անպայման օգտակար կամ արդիւնաւէտ կրնայ չըլլալ: Այս շրջագիծին մէջ երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ հասաւ Լիբանանի համար միջազգային օժանդակութիւններու համակարգող դեսպան Փիեռ Տիւքանը, որ մինչեւ երեքշաբթի, 13 յուլիս 2021, հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին քաղաքական...




















