Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը Պահանջագիր Մը Կը Յղէ Լամա Եամմինին

July 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը երէկ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Լամա Եամմինին յղեց պահանջագիր մը, որուն մէջ պահանջեց անմիջական նիստի հրաւիրել ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը` սրբագրելու համար աշխատավարձերը:

Պահանջագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը կը վկայէ երկրին պատմութեան վկայած վատագոյն աղէտը, որ իր ժխտական ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցած է աշխատաւորներուն կեանքին ու աշխատավարձին վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշը 90 առ հարիւրով արժեզրկուած է, անգործութիւնը` չափազանց աճած, իսկ սղաճը` ահռելի կերպով պարտադրուած:

Պահանջագիրին մէջ նշուեցաւ, որ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը 2012-էն ի վեր ժողով չէ գումարած, հակառակ անոր որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ Տնտեսական խորհուրդներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած էր փետրուար 2012-էն սկսեալ աշխատավարձերը աստիճանաբար բարելաւելու:

«Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ նախարարութեան եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ 8 օգոստոս 1981-ին հրապարակուած թիւ 4206 հրամանագիրին հիման վրայ` ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը գումարէ նիստ մը եւ առարկայական կերպով քննէ նուազագոյն աշխատավարձը եւ մնացեալ աշխատավարձերը սրբագրելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով ապրուստի սղաճը: Աշխատավարձի յաւելումներու որոշումը պէտք է փոխանցուի կառավարութեան, որ իր կարգին համապատասխան որոշումներ պէտք է տայ այս իմաստով», նշուեցաւ պահանջագիրին մէջ:

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ապու Ժաուտէի Հետ Քննարկեց Պեքաայի Մէջ Երիտասարդական Եւ Մարմնակրթութեան Մարզը Բարգաւաճեցնելու Միջոցները

Յաջորդը

Մինչ Փիեռ Տիւքան Հասաւ Լիբանան, Ամերիկացի Եւ Ֆրանսացի Դեսպաններ Պիտի Մեկնին Սէուտական Արաբիա` Քննարկելու Համար Լիբանանի Կացութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.