Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 11 Ամիսներ Ետք Զոհերուն Հարազատները Կը Շարունակեն Պահանջել Արդարութիւնը
Մազութի Տագնապը Կը Թակէ Փուռերուն Դռները, Իսկ «Տելթա» Տարբերակէն Զգուշանալու Ահազանգներ Կը Հնչեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն 11 ամիսներ ետք, պայթումին պատճառով զոհուածներուն հարազատները երէկ յիշատակի նստացոյց մը կատարեցին նաւահանգիստի թիւ 3 դարպասին դիմաց: Զոհերու հարազատներուն անունով ներկաները գնահատեցին Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի որոշումը` շեշտելով, որ անիկա զոհերու ընտանիքներուն սիրտերը հանգչեցուց: Անոնք կոչ ուղղեցին Պիթարին...



















