Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Փիեռ Տիւքան Հասաւ Լիբանան, Ամերիկացի Եւ Ֆրանսացի Դեսպաններ Պիտի Մեկնին Սէուտական Արաբիա` Քննարկելու Համար Լիբանանի Կացութիւնը

Յուլիս 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կութիերես. «Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Պէտք Է Կազմել Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը` Պաշտպանելու Համար Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը»

Դէպի Լիբանան եւ Լիբանանէն դուրս պետական այցելութիւնները այս օրերուն կ՛ապրին աշխուժացում մը, որ անպայման օգտակար կամ արդիւնաւէտ կրնայ չըլլալ:

Այս շրջագիծին մէջ երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ հասաւ Լիբանանի համար միջազգային օժանդակութիւններու համակարգող դեսպան Փիեռ Տիւքանը, որ մինչեւ երեքշաբթի, 13 յուլիս 2021, հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին քաղաքական եւ տնտեսական հեղինակութիւններուն հետ:

Մինչ Տիւքան հասաւ Լիբանան, ամերիկեան դեսպանատունը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի

Շիա եւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ այսօր պիտի մեկնին Սէուտական Արաբիա` քննարկելու համար Լիբանանի կացութիւնը եւ ընդգծելու համար լիբանանցիներուն եւ բանակին օժանդակելու կարեւորութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս հանդիպումը որոշուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքընի, Ժան Իվ լը Տըրիանի եւ Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի միջեւ 29 յունիս 2021-ին, Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին լոյսին տակ:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Ռիատի մէջ պիտի քննարկուի Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր կացութիւնը եւ պիտի վերահաստատուի լիբանանցիներուն զօրակցելու եւ օժանդակելու յանձնառութիւնը:

Այս բոլորին կողքին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըրի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը:

Աքըր Կութիերեսին ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին մանրամասնութիւններն ու ժողովուրդին տառապանքը` մաղթելով, որ ՄԱԿ օժանդակէ Լիբանանին` զայն դուրս բերելու համար իր դիմագրաւած դժուար կացութենէն:

Աքըր շնորհաւորեց Կութիերեսը` անոր վերընտրութեան առիթով, իր կարգին Կութիերես մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի կացութեան առումով եւ ընդգծեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան պաշտպանէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն Տիապի Հետ Կը Շարունակէ Հետապնդել Նպաստները Տալու Յանձնառութիւնը` Դիւրացնելու Համար Լիբանանցիներուն Ապրուստը

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց այն դասաւորումները, որոնք որդեգրուած էին` գործադրելու համար նախորդ ժողովներուն ընթացքին որդեգրուած որոշումները, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են դեղորայքի եւ վառելանիւթի նպաստը շարունակելու թղթածրարներուն, ինչպէս նաեւ ապրուստի վերաբերող այլ հարցերու:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ յառաջիկայ օրերուն խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ տրուած որոշումներուն գործադրութիւնը արգելակող խոչընդոտները լուծել:

Նշենք, որ Տիապ երէկ ստորագրեց 30 յունիս 2021-ին խորհրդարանի նիստին ընթացքին վաւերացուած օրէնքները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ նախագահին ներկայացուց Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէրով Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած «Լիբանանի համար խոկումի եւ աղօթքի օր»-ուան արդիւնքները:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին պատգամը կը ծառայէ իբրեւ Լիբանանի փրկութեան ուղեգիծ` աւելցնելով, որ իրենք` իբրեւ հոգեւոր պետեր,  եկեղեցական աշխատանքի շրջագիծին մէջ պիտի սկսին կատարել այդ աշխատանքը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է նոր կառավարութիւնը կազմէ` նախագահ Աունի հետ գործակցաբար եւ հիմնուելով լիբանանեան սահմանադրութեան վրայ:

Ան շեշտեց, որ առանց կառավարութեան,  երկրին բոլոր մարզերը պիտի փլուզուին, անգործութիւնը պիտի սաստկանայ, իսկ արտագաղթը աւելի մեծ թափ պիտի ստանայ:

«Ազգային գիտակցութիւնը պէտք չէ արտօնէ, որ կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուութենէն քառորդ վայրկեան իսկ ուշացում արձանագրուի», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ բոլորը սահմանադրութիւնը կը խախտեն` հաստատելով, որ Լիբանանի հոգատարութեամբ ամէնէն աւելի պատասխանատու է հանրապետութեան նախագահը:

«Կայ Լիբանանն ու լիբանանցիները թիրախ դարձնող հրէշային ծրագիր մը, որուն դիմադրելու եւ զայն ձախողեցնելու համար պէտք է ամրապնդենք մեր միասնականութիւնը», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

 

Նախորդը

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը Պահանջագիր Մը Կը Յղէ Լամա Եամմինին

Յաջորդը

Արցախեան Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանալին Արցախում Է. Դաւիթ Իշխանեան

RelatedPosts

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք  Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան  Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով

Մայիս 30, 2023
Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին  Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը

Մայիս 30, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն  Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման  Գիծեր Հաստատելը Խոտոր  Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման Գիծեր Հաստատելը Խոտոր Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»

Մայիս 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In