Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Օժանդակելու Լիբանանին` Լուծելու Համար Անոր Դիմագրաւած Տագնապները

July 7, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի երէկ միօրեայ այցելութեամբ մը հասաւ  Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն հետ` պատրաստակամութիւն յայտնելով օժանդակելու Լիբանանին` լուծելու իր հարցերը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին քաթարցի նախարարը հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր  դիմաւորուեցաւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըրի կողմէ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Քաթարի դիւանագիտութեան պետը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան կ՛ողջունէ Քաթարի տրամադրած ամէն տեսակի օժանդակութիւն:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին, որ շահագրգռուած է Լիբանանին օժանդակութիւն տրամադրելու, որպէսզի ան շրջանցէ իր դիմագրաւած տագնապներն ու դժուարութիւնները եւ բոլոր մարզերուն վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները:

Նախագահ Աուն Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիին ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած արգելքները եւ իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց Թամիմ իշխանին:

Իր կարգին, քաթարցի նախարարը յայտնեց, որ Թամիմ իշխանէն ողջոյններ փոխանցած է նախագահ Աունին եւ հաստատած Լիբանանին օժանդակելու Քաթարի պատրաստակամութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին դիմագրաւած տագնապները:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս տագնապալի օրերուն ընթացքին Քաթար կը զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդին:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք քաթարցի նախարարը մեկնեցաւ` մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

Հարիրի Կ՛ընդունի Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ խորհրդատու Պասեմ Շապի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները:

Եարզէի Մէջ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապերի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քաթարի պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթար յայտարարած է, թէ ամսական դրութեամբ լիբանանեան բանակին 70 թոն սննդամթերքի օժանդակութիւն պիտի կատարէ մէկ տարուան համար:

Նախորդը

Պենզինի Կայարանները Կը Վերածուին Կռուի Դաշտի, Իսկ Փուռերու Աշխատաւորներու Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ Բողոքի Նստացոյցի

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Ջիւան Գասպարեանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.