Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատախազ Խուրի Պիթարի Պահանջները Հասցուց Համապատասխան Մարմիններուն

Յուլիս 6, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գործով նշանակուած ընդհանուր դատախազ Ղասսան Խուրի երէկ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի կողմէ յղուած նամակները հասցուց համապատասխան մարմիններուն եւ սենտիքաներուն, որպէսզի զանոնք իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննելու իրաւունք ստանայ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Պիթար Ընդհանուր դատախազութեան միջոցով նամակ մը յղած է խորհրդարանին` պահանջելով անձեռնմխելիութենէ զրկել Ալի Հասան Խալիլը (ելեւմուտքի նախկին նախարար), Ղազի Զաայթերը (հանրօգուտ շինութեանց նախկին նախարար) եւ Նուհատ Մաշնուքը (ներքին գործոց նախկին նախարար), որպէսզի կարենայ ամբաստանել զանոնք եւ հետապնդում կատարել:

Պիթար երկու նամակ յղած էր նաեւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքային`  անկէ խնդրելով, որ արտօնէ Ալի Հասան Խալիլի ու Ղազի Զաայթերի հետապնդումը` նկատի ունենալով, որ անոնք իրաւաբաններ են, ինչպէս նաեւ այլ նամակ մը յղած էր Թրիփոլիի  իրաւաբաններու սենտիքային` անկէ խնդրելով, որ արտօնէ հանրօգուտ շինութեանց նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հետապնդումը` նկատի ունենալով, որ ան իրաւաբան է:

Նոյն շրջագիծին մէջ Պիթար նախարարաց խորհուրդէն պահանջեց հարցաքննել Պետական անվտանգութեան կառոյցի պետ հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիէն պահանջեց արտօնել, որ իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:

Պիթար պահանջեց հետապնդել նաեւ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին տնօրէն գնդապետ Քամիլ Տահերը, ինչպէս նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին գնդապետներ Ղասսան Ղարզէտտինը եւ Ժաուտաթ Օուէյտաթը:

Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը արդէն իսկ ստացաւ երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլը, Ղազի Զաայթերը եւ Նուհատ Մաշնուքը անձեռնմխելիութենէ զրկելու նամակը:

Միւս կողմէ, Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Պիթարի առած քայլը յոյս կը ներշնչէ, որ Պէյրութի պայթումին թղթածրարը իր աւարտին կրնայ հասնիլ` բացայայտելով բոլոր դրդապատճառներն ու յանցագործները:

– ՆՇԵՆՔ, որ հրշէջներու Պէյրութի զօրամասի զոհերուն հարազատները երէկ Արդարութեան պալատին դիմաց կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս զօրակցութիւն յայտնեցին դատախազ Թարեք Պիթարի` հաստատելով, որ ան արժանապատիւ դատախազներէն է:

Անոնք շեշտեցին, որ Պիթարի վրայ հսկայական ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի ան իր որոշումներէն հրաժարի:

«Կ՛ակնկալենք, որ անձեռնմխելիութենէ զրկուելու պահանջները կատարուին եւ ամբաստանեալները ներկայանան դատարան, իսկ ով որ կը մերժէ դատավարութեան ներկայանալ, ապա ինքզինք զոհերուն ընտանիքներուն դիմաց դրած կ՛ըլլայ, որովհետեւ զոհերուն ընտանիքները կորսնցնելու ոչինչ ունին», ըսին անոնք եւ հետեւեալ սպառնալիքը յղեցին. «Ո՛վ որ կը մերժէ հարցաքննութեան ներկայանալ, ապա անոր բնակարանը պիտի ուղղուինք եւ կոտրտենք զինք, անոր ընտանիքն ու կալուածը»:

Նստացոյցին մասնակիցները պահանջեցին բացայայտել ամոնիում նայթրէյթ քիմիական նիւթը Լիբանան բերողին, ֆինանսաւորողին, տարիներ շարունակ հոն պահողին եւ պայթեցնողին ինքնութիւնը: «Կը պահանջենք ամբողջական ճշմարտութիւնը իմանալ», հաստատեցին անոնք:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը Լիբանանի Վարչակարգի Տագնապին Դրսեւորումն Է»

Յաջորդը

Կառավարութեան Անունով Փոխանցուած Նուիրատուութենէն Նախարարները Անտեղեակ Են

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?