Լիբանանեան

Ռաատ. «Մենք Կազմ Ու Պատրաստ Ենք Դիմադրելու  Իսրայէլեան Որեւէ Տեսակի Անխոհեմութեան»

Ռաատ. «Գ. Պատերազմի Մը Մասին Իսրայէլի Յայտարարութիւնները Չեն Արտայայտեր Անոր Կամքը` Ո՛չ Իշխանութեան Եւ Ո՛չ Ալ Ժողովրդային Մակարդակի Վրայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Գ. պատերազմի մը մասին իսրայէլեան յայտարարութիւնները կը դրսեւորեն Իսրայէլի զօրակից երկիրներուն թշնամական կեցուածքը Լիբանանի հանդէպ եւ չեն արտայայտեր Իսրայէլի կամքը` ո՛չ իշխանութեան եւ ո՛չ ալ ժողովրդային մակարդակի վրայ: Ռաատ շեշտեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները անկարող են Լիբանանի դէմ պատերազմ բռնկեցնելու, իսկ իսրայէլացիները երկչոտ են ու չեն փափաքիր յաջորդ պատերազմ մը ըլլայ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 150 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ: ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել նշեց, որ Լիբանանի կացութիւնը օրըստօրէ կը վատթարանայ` աւելցնելով, որ ինք չի նախատեսեր, որ Եւրոպական Միութիւնը լիբանանցի պատասխանատուներուն դէմ պատժամիջոցներ պարտադրէ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին նախարար...

Ո՛չ Վառելանիւթ, Ո՛չ Ելեկտրականութիւն Ո՛չ Դեղորայք… Եւ Լիբանանցիին Տառապանքը Կը Շարունակուի

Ո՛չ Վառելանիւթ, Ո՛չ Ելեկտրականութիւն Ո՛չ Դեղորայք… Եւ Լիբանանցիին Տառապանքը Կը Շարունակուի

Միշտ ալ անմեղը կը դառնայ տագնապներու, պատերազմներու, ճգնաժամերու, արկածներու եւ միջադէպերու զոհը: Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ապրուստի, առողջապահական եւ երկրին գրեթէ բոլոր մարզերը հարուածող տագնապին պատճառով շաբաթավերջին մահացաւ 10-ամսեայ մանուկ Ժուրի Սէյիտը: Մանուկին ծնողքը հաստատեց, որ իր զաւկին համար դեղորայք որոնած է եւ հիւանդանոցային խնամքի դիմում ներկայացուցած է բազմաթիւ հիւանդանոցներու, սակայն դիմումը մերժուած է, եւ այդ պատճառով ալ երեխան մահացած: Մինչդեռ...

Պէյրութի Պայթումին Նահատակներուն Հարազատները Կառչած Կը Մնան Ճշմարտութիւնը Իմանալու Իրաւունքին

Պէյրութի Պայթումին Նահատակներուն Հարազատները Կառչած Կը Մնան Ճշմարտութիւնը Իմանալու Իրաւունքին

Հակառակ այն իրականութեան, որ երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլը, Ղազի Զաայթերն ու Նուհատ Մաշնուքը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը կը մնայ առկայ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին տնօրէն գնդապետ Քամիլ Տահեր այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին պիտի հարցաքննուի Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի կողմէ: Իր կարգին, լիբանանեան բանակի գնդապետներէն Ժուտա Օուէյտաթ յայտնեց, որ ինք օրէնքին ենթակայ է...

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի Մաքսանենգման Փորձ Մը

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի Մաքսանենգման Փորձ Մը

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը շաբաթավերջին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ ձախողեցուցած են զէնքի մաքսանենգման փորձ մը, որ մեծագոյնն է` վերջին տարիներուն ընթացքին բացայայտուած մաքսանենգումի փորձերուն բաղդատած: Ատրահի յայտնեց, որ անծանօթներ լիբանանեան Ղաժար սահմանամերձ շրջանէն Իսրայէլ պայուսակներ փոխադրած են` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը հետապնդած են գործողութիւնը եւ գրաւած 43 ատրճանակներ, որոնք 2,7 միլիոն շեքըլ կ՛արժեն: Ան աւելցուց,...

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կիրակնօրեայ Շուկային Մօտակայքը Բացայայտեցին Ռումբեր

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կիրակնօրեայ Շուկային Մօտակայքը Բացայայտեցին Ռումբեր

Ներքին ապահովութեան ուժերը շաբաթ, 10 յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Էշրեֆիէ-Պէյրութ շրջանի կիրակնօրեայ շուկայի հանդիպակաց վայրին մէջ գտնուող աղբամաններուն մէջ բացայայտեցին ռումբեր: Ապահովութեան ուժերուն կողմէ անմիջապէս որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ, փակուեցաւ շրջանը, եւ դէպքին վայրը փութացին սակրաւորներ, որոնք հաստատեցին, որ աղբամանէն դուրս բերուած են «Իներկա» տիպի 5 նռնականետեր, ինչպէս նաեւ 4 ականներ, որոնք պայթելու պատրաստ վիճակի մէջ չեն եղած: Ներքին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 314 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի համար միջազգային օժանդակութիւններու համակարգող դեսպան Փիեռ Տիւքանը: Ներկայ գտնուեցան նաեւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար...

Խորհրդարանի Դիւանը Իրաւասութիւն Չունի Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու

Խորհրդարանի Դիւանը Իրաւասութիւն Չունի Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:15-ին Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի եւ արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլը, Ղազի Զաայթերը եւ Նուհատ Մաշնուքը անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջը: Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ խնդրոյ առարկայ երեսփոխանները: Շուրջ երկու ժամ տեւած նիստէն ետք, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի...

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Հարազատները

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Հարազատները

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին զոհուածներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն պահանջները, որոնք ներկայացուած էին պատուիրակութեան կողմէ երկու ամիս առաջ: Պահանջները կը վերաբերէին զոհերու ընտանիքներուն տրուելիք հատուցումներուն, յատկապէս բժշկական եւ դպրոցական նպաստներուն: Աքըր հաստատեց, որ այդ պահանջները բոլորն ալ պիտի գործադրուին օրէնքի...

Ֆրանսական-Ամերիկեան Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Ֆրանսական-Ամերիկեան Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Ամերիկեան եւ ֆրանսական դեսպանատուները երէկ հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա եւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ 8 յուլիսին մեկնեցան Սէուտական Արաբիա, ուր անոնք Սէուտական Արաբիոյ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեցին Լիբանանի կացութիւնը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս հանդիպումը որոշուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքընի, Ժան...

Վրոնեցքա Այցելեց Տիապի Եւ Ֆրենժիէի

Վրոնեցքա Այցելեց Տիապի Եւ Ֆրենժիէի

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց 20 փետրուար 2021-էն 19 յունիս 2021 ժամանակաշրջանին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, որոնք նշուած պիտի ըլլան 12 յուլիս 2021-ին լոյս տեսնելիք տեղեկագիրին մէջ: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին Տիապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը պահանջէ հարաւային Լիբանանի...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Կը Պահանջենք Օրէնքի Գործադրութիւնը»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Կառավարութեան Կազմութեան Պատասխանատուները Պէտք Է Վերջնականացնեն Իրենց Կեցուածքները»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ Հարեթ Հրէյքի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին պլոքը հաստատեց, որ տակաւին կարելի է կացութիւնը փրկել, եթէ կարողութիւններով օժտուած ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմուի` քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելով եւ երկրին փրկութեան աշխատանքը ամէն բանէ վեր նկատելով: Պլոքը շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուները պէտք է վերջնականացնեն իրենց կեցուածքները,...

Պոկտանով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ  Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Հետ

Հարիրի Պոկտանովի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ ափրիկեան երկիրներուն մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Հարիրի անդրադարձաւ երկրին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական հարցերուն մասին իր տեսակէտներուն` հաստատելով, որ Լիբանանի կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ բարդացում եւ դժուարութիւններ: Իր կարգին, Պոկտանով հաստատեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի կառավարութիւն մը կազմելու...

Դեղարանները Այսօրուընէ Սկսեալ Անժամկէտ Գործադուլ Յայտարարած Են

Դեղարանները Այսօրուընէ Սկսեալ Անժամկէտ Գործադուլ Յայտարարած Են

Մինչ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը կը հասնի 18.600 լ. ոսկիի, Լիբանանի դեղարաններու սեփականատէրերու սենտիքան այսօրուընէ սկսեալ ամբողջ Լիբանանի տարածքին անժամկէտ գործադուլ յայտարարած է, մինչեւ որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Կեդրոնական դրամատան հետ համաձայնաբար դեղերու նոր սակացոյցը հրապարակէ: «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու առումով սպիտակ ցուցակին վրայ գտնուող երկիրներուն շարքին դասուող Լիբանանը կրնայ վկայել «Քորոնա» ժահրի տարածման երրորդ ալիքը` նկատի ունենալով «Տելթա»...

Ղոսթայի Մէջ Քաղաքացիական Տիպի Օդանաւ Մը Կը Ջախջախուի

Ղոսթայի Մէջ Քաղաքացիական Տիպի Օդանաւ Մը Կը Ջախջախուի

Ղոսթայի մէջ երէկ ջախջախուեցաւ «Օփըն սքայ» ընկերութեան պատկանող «Սեսնա» տիպի քաղաքացիական փոքր օդանաւ մը, պատճառելով երեք զոհեր` օդաչուն` Ճորճ Շիրիքճեան եւ Ժոել Մուսա ու Ժատ Մուսա: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր փութացին դէպքին վայրը, եւ արկածին շուրջ բացուեցաւ հետաքննութիւն: Նախնական տուեալներուն համաձայն, օդանաւը ջախջախուած է, որովհետեւ թեքնիք խանգարումի մը պատճառով բախած է լեռներուն: Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն ուղղուեցաւ դէպքին վայրը` շեշտելով, որ...

Պասիլ. «Հարիրիի Հրաժարականը Մեզի Համար Յաղթանակ Չէ, Այլ` Պարտութիւն»

Պասիլ. «Հարիրիի Հրաժարականը Մեզի Համար Յաղթանակ Չէ, Այլ` Պարտութիւն»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը իրենց համար յաղթանակ չէ, այլ` պարտութիւն: «Մեզի համար շատ տխուր պիտի ըլլայ Հարիրիի հրաժարականը, որովհետեւ մենք ամէն ճիգ ի գործ դրինք` կառավարութեան կազմութիւնը յաջողցնելու համար, ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք կարելի եղած քայլին դիմելու, որպէսզի օժանդակենք Հարիրին տարհամոզելու հրաժարական տալէ: Պատասխանելով այն...

Քանաան. «Պետական Մարզին Վերաբերեալ Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնելէ Ետք Պահանջուած Է Հաշուետուութեան Կանչող Անկախ Դատական Իշխանութիւն»

Քանաան. «Պետական Մարզին Վերաբերեալ Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնելէ Ետք Պահանջուած Է Հաշուետուութեան Կանչող Անկախ Դատական Իշխանութիւն»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ յանձնախումբը վաւերացուցած է պետական մարզին վերաբերեալ դրամատնային գաղտնիութիւնը վերացնելու օրէնքը` աւելցնելով, որ յստակ ու միացեալ շրջագիծեր ճշդուած են, որպէսզի դատական իշխանութիւնը կարենայ վերացնել դրամատնային գաղտնիութիւնը, յատկապէս ապօրինի հարստացման թղթածրարներուն առումով: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը, յատկապէս ելեւմուտքի հարցերու յանձնախումբը,...

Պքերքէի Մէջ.   Մարոնի Պատրիարքութեան Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու 100-Ամեակի Նշում

Պքերքէի Մէջ. Մարոնի Պատրիարքութեան Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու 100-Ամեակի Նշում

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Անտոնեան եղբայրներու միաբանութենէն հայր Անթուան Տաուի «Մարոնի պատրիարքութեան յարաբերութիւնը Սէուտական Արաբիոյ հետ» խորագիրը կրող գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ընդմէջէն նշուեցաւ մարոնի պատրիարքութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն 100-ամեակը: Այս առիթով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կը մնայ Լիբանանի եւ մարոնի պատրիարքութեան բարեկամ երկիր: Ան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն...

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ապահովական Կառոյցը Հերքեց Գողութեան Մասին Տարաձայնութիւնները

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ապահովական Կառոյցը Հերքեց Գողութեան Մասին Տարաձայնութիւնները

Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ճամբորդներուն պայուսակներուն մէջ իրեր կը պակսին, այլ խօսքով` գողութիւն կ՛ըլլայ, երբ այդ պայուսակները օդանաւէն վար կ՛առնուին: Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցը հաստատեց, որ նման տարաձայնութիւններ կը վնասեն օդակայանի վարկին: Ապահովական կառոյցի հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ երկար ժամանակէ ի վեր ոչ մէկ ճամբորդի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 400 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ մեծ թիւով արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձը հիմնական պատճառն է «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակին արագ տարածումին: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու գումարներուն նկատմամբ...

Page 403 of 988 1 … 402 403 404 … 988

Արխիւներ