Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տելթա» Հնդկական Տարբերակին Դէմ Պայքարելու Միակ Միջոցը «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստ Ստանալն Է

Յուլիս 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա» ժահրի «Տելթա» հնդկական տարբերակին Լիբանան ժամանումին եւ տարածուելուն լոյսին տակ պատուաստուելու կոչերը աւելի եւս կը շեշտուին` ընդգծելով, որ անիկա միակ միջոցն է «Տելթա»-ի դէմ պաշտպանուելու:

Այս շրջագիծին մէջ, «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի ազգային յանձնախումբի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին տարբերակներէն պէտք է զգուշանալ` աւելցնելով, որ իրենք տեղեակ էին, թէ «Տելթա»-ն պիտի հասնի Լիբանան` նկատի ունենալով Պէյրութի միջազգային օդակայանին աշխուժ գործունէութիւնը:

Պըզրի հաստատեց, որ օրական դրութեամբ միջին հաշուով Լիբանան կը հասնին 70 վարակուածներ, որոնց վարակումը «Տելթա» տարբերակի է: Լիբանան հասնող վարակուածներուն մեծ մասը Իրաքէն են, Թուրքիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քաթարէն եւ Եթովպիային:

Պըզրի յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ մարաթոններ պիտի կազմակերպուին` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ մէկուկէս միլիոն մարդ պատուաստուած է:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Փեթրա Խուրի յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դիմադրելու միակ միջոցը պատուաստումն է: Ան կոչ ուղղեց 30-40 տարիքը կրողներուն «Ասթրազենիքա» պատուաստը առնելու:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին պատուաստուելու` հաստատելով, որ «Տելթա»-ն արագ տարածուող ժահր մըն է, իսկ անոնք, որոնք չեն պատուաստուած, շատ դժուար պիտի ապաքինին` վարակուելու պարագային:

Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ հիւանդանոցները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մեղմացնելու համար իրենց բեռը, սակայն տնտեսական կացութիւնը վատթարացուցած է առողջապահական մարզին կարողութիւնները, իսկ «Տելթա» տարբերակին Լիբանան ժամանումը կը սպառնայ երկրին առողջապահական անվտանգութեան եւ կը դժուարացնէ հիւանդանոցներուն աշխատանքը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Աքըր Ասմարի Հետ Քննարկեց Տիրող Ներկայ Տագնապին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?