Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան հետ համաձայնութիւնը յանգեցաւ այն որոշումին, որ դեղորայքին տրամադրուելիք նպաստը ամսական 50 միլիոն տոլար ըլլայ, իսկ դեղորայքի առաջնահերթութիւնը ճշդուի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ:
Հասան յայտնեց, որ նախարարութիւնը Կեդրոնական դրամատան հետ համադրած է դեղորայքը տեսակաւորելու աշխատանքը:
Ան շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան հետ այս պայմանաւորուածութիւնը կատարուած է նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած ելեւմտական եւ վարչական դասաւորումներու շրջագիծին մէջ:
Հասան շեշտեց, որ ինք տուած է որոշումներ, որոնց հիման վրայ տարբեր աղբիւրներէ դեղորայքի ներածում եւ շտապ արձանագրութիւն պիտի կատարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ երկու եւ երեք ամիսներուն ընթացքին դեղորայքի տագնապին հարցը լուծել:
«Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակի տարածումին եւ երկրին հաւանական փակումին մասին տակաւին քննարկումներ չկան: Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց բոլորին նախազգուշացման միջոցներ որդեգրելու եւ պատուաստուելու, որովհետեւ պատուաստումը «Տելթա» տարբերակէն պաշտպանուելու միակ ձեւն է:
Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ որդեգրուած պատուաստները բարձրորակ դիմադրողականութիւն կը տրամադրեն քաղաքացիներուն եւ լիբանանեան հասարակութիւնը կը պաշտպանեն «Քորոնա» ժահրի երրորդ ալիքէն:
Համատ Հասան հաստատեց, որ ժողովուրդին վարուելակերպը ուղղակիօրէն առնչուած է համաճարակի տարածումը զսպելու իմաստով ապագային տրուելիք որոշումին:
ՄԻՒՍ կողմէ, ցուցարարներ երէկ յետմիջօրէին Թրիփոլիի մէջ գտնուող դեղորայքի պահեստանոց մը ներխուժեցին եւ հոն բացայայտեցին մեծ քանակութեամբ դեղեր, որոնք ամիսներէ ի վեր շուկային մէջ գոյութիւն չունէին: