Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրլանտա Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Պատրաստակամութիւն` Օժանդակելու Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն

Յուլիս 8, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարար Սայմըն Քովինին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրլանտայի դեսպան Շոն Օրիկընի եւ Լիբանանի մէջ Իրլանտայի պատուոյ հիւպատոս Ժորժ Սիամի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրլանտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական զօրամասին վերաբերող հարցեր:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բեմերը յուզող հարցերը, յատկապէս երկրին մէջ տիրող ներկայ տագնապալի իրավիճակին ներքեւ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն օժանդակելու կարելիութիւնները` բանակին օժանդակութեան նուիրուած խորհրդաժողովին ծիրին մէջ:

Աքըր եւ Քովինի քննարկեցին նաեւ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերելու հեռանկարները:

Աքըր դրուատեց լիբանանեան-իրլանտական երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը, տրուած ըլլալով, որ անոնք երկրին կայունութիւնը պաշտպանող ազդակներ են` Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական ահռելի տագնապին լոյսին տակ:

Քովինի իր կարգին յայտնեց, որ Իրլանտա պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, յատկապէս Լիբանանի զինեալ ուժերուն` մաղթելով, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը, որ գործադրէ բարեկարգումները եւ տիրող ներկայ տագնապին արագ լուծումներ գտնէ:

Հանդիպումին աւարտին նախարարները փոխանակեցին յուշանուէրներ, իսկ Քովինի դարձաւ Աքըրի ճաշի հիւրը:

Իրլանտական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու հեռանկարները:

Այցելութիւն` Պէյութի Նաւահանգիստ

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ընդունեց Քովինին եւ անոր ընկերակցող իրլանտական պատուիրակութիւնը:

Այցելութեան ընթացքին Քովինի ծանօթացաւ նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասներուն, աղէտալի հետեւանքներուն եւ նաւահանգիստը վերակառուցելու միջոցներուն:

Նաժժար յայտնեց, որ իրլանտական պատուիրակութիւնը զօրակցութիւն յայտնած է Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է որեւէ ձեւով օժանդակելու նաւահանգիստի վերակառուցման:

Նաժժար նկատել տուաւ, որ Քովինի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հարց տուած են պայթումին հետաքննութեան արդիւնքներուն եւ այդ թղթածրարին դատական հոլովոյթին մասին:

Նաժժար շնորհակալութիւն յայտնեց Իրլանտային` մաղթելով, որ Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութիւնն ու ցուցաբերուած օժանդակութիւնը կը վերահաստատուին` նոր կառավարութեան կազմութեամբ եւ պահանջուած բարեկարգումներու գործադրութեամբ:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Հարիրի Պէտք Է Արագացնէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը»

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ապու Ժաուտէի Հետ Քննարկեց Պեքաայի Մէջ Երիտասարդական Եւ Մարմնակրթութեան Մարզը Բարգաւաճեցնելու Միջոցները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?