Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Հարիրի Պէտք Է Արագացնէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը»

July 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը վերստին կոչ կ՛ուղղէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` խնայելով երկրին ու ժողովուրդին:

Միաժամանակ համախմբումը շեշտեց, թէ ինք պատրաստակամ է զօրակցելու նորակազմ կառավարութեան գործադրելիք որեւէ բարեկարգումին:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատունը, բոլոր նախարարութիւնները, պետական հաստատութիւններուն վարչութիւններն ու ֆոնտերը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլերը անյապաղ առնուին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ բոլորը համոզուած են, թէ իրաւական հաշուեքննութիւնը բարեկարգումի առաջնորդող պարտադիր անցք մըն է, առանց որուն Լիբանան արտաքին ոչ մէկ օժանդակութիւն պիտի ստանայ:

Համախմբումը ընդգծեց, որ ինք պիտի հետապնդէ այս թղթածրարը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ զայն իրականացնել` աւելցնելով, որ որեւէ ձգձգումի կամ ուշացումի պարագային այդ մասին պիտի բարձրաձայնէ:

Համախմբումը շեշտեց Կեդրոնական դրամատան կողմէ ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարենայ ապահովել լիբանանցիներուն ընկերային ապահովութիւնը երաշխաւորող ապրանքատեսակներուն ներածումը, յատկապէս դեղորայքը, վառելանիւթն ու հացը: «Նկատի ունենալով, որ այդ գումարները ապահովելու օրինական հովանաւորութիւնը ստեղծուած է, ապա իւրաքանչիւր ապրանքի տագնապի պարագային պատասխանատուն Կեդրոնական դրամատունն է», նշուեցաւ համախմբումին հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը զարմանք յայտնեց պետութեան տրամադրած նպաստին նկատմամբ կարգ մը կուսակցութիւններու ցուցաբերած ժողովրդահաճոյ վարուելակերպին մասին:

Համախմբումը շեշտեց, որ բարեկարգումներու գործադրութիւնը նոր կառավարութեան կազմութեան հետ չկապելու վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի կոչը տեղին է` աւելցնելով, որ անիկա լուսարձակի տակ կ՛առնէ խորհրդարանին մէջ բարեկարգումի օրինագիծերուն կարեւորութիւնը:

Համախմբումը շեշտեց, որ խորհրդարանին կողմէ բարեկարգումի կարգ մը օրինագիծեր վաւերացնելու քայլը ողջունելի է, սակայն այլ օրինագիծերու պարագային ուշացումներ կ՛արձանագրուին, յատկապէս հանրային ծառայութեան մէջ գործող պատասխանատուներուն հաշիւները ստուգելու, փոխանցուած գումարները վերադարձնելու, քեփիթըլ քոնթրոլի, դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան, ելեւմտական հարցերու դատական ատեանի եւ այլ օրինագիծերը վաւերացնելու առումով:

Համախմբումը կոչ ուղղեց խորհրդարանին նշեալ օրինագիծերը վաւերացնելու` շրջանցելով ամէն տեսակի հաշիւ:

 

 

Նախորդը

Համատ Հասան. «Դեղորայքի Ամսական Նպաստը 50 Միլիոն Տոլար Է»

Յաջորդը

Իրլանտա Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Պատրաստակամութիւն` Օժանդակելու Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.