Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Նաշրա» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տեղեակ չէ եղած անցեալ ուրբաթ օր Հասսան Տիապի կողմէ յայտարարուած նուիրատուութեան մասին` հաստատելով, որ այդ հարցը կառավարութեան համաձայնութեան կարիքը ունի:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ ինք կը նախընտրէր այդ նուիրատուութեան հարցին շուրջ նախարարաց խորհուրդին կողմէ քննարկում կատարուէր, նախքան այդ մասին յայտարարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլար այդ որոշումը տալ` առկայ տուեալներու հիման վրայ: