ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 101 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:
«ԺԱԶԻՐԱ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Կը նախատեսուի, որ հանդիպումներուն ընթացքին քաթարցի նախարարը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին լուծում մը բերելու Քաթարի ճիգերը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Շուէտի յարաբերութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումին պատճառները ներքին լիբանանեան եւ շրջանային խոչընդոտներն են` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն մը կազմել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապեր Ժապերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հարց տուաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն, որ արդեօք եթէ շրջանին մէջ համաձայնութիւն մը գոյանայ, իրենց ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարները մսխել կը նշանակէ քանդել տնտեսական զարթօնքի ամէն առիթ, ինչպէս նաեւ դրամատնային մարզը մատնել ամբողջական փլուզումի: «Այլ խօսքով` տնտեսական մարզը լրիւ քանդել», հաստատեց ան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Լոնտոն` ընդառաջելով բրիտանացի իր պաշտօնակիցի հրաւէրին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Մարթին Լոնկտըն յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը չի կրնար Լիբանանի դէպի անդունդ հոսքը կասեցնել:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հրաժարած կառավարութիւնը կը վարուի այնպէս մը, որ կարծես անձնատուր եղած ըլլայ չարաշահումի մաֆիաներուն: