Լիբանանեան

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Առաջին Նիստը, Իսկ Պըրրի Լաւատես Է Յաջորդ Փուլին Արձանագրուելիք Իրադարձութիւններով

  Նորակազմ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը, որմէ առաջ պիտի առնուի նաեւ կառավարութեան պաշտօնական լուսանկարը: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ նոր նշանակուած նախարարներուն հետ` քննարկելու համար կառավարութեան որդեգրելիք տնտեսական եւ ընկերային ընդհանուր քաղաքականութիւնը, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելու հիմքերը, ինչպէս նաեւ հիմնական հարցեր ու թղթածրարներ, որոնք կ՛օժանդակեն պատրաստելու համար կառավարութեան...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նաւը Վարեց  «Ալեկոծ Ծովու» Վրայ

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նաւը Վարեց «Ալեկոծ Ծովու» Վրայ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի նախարարական պարտականութեան աւարտին առիթով «Թաուասալ» կայքը հրապարակեց Ժալալ Պաայնոյի յօդուածը, որուն «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ յապաւումներով` պահելով անոր շահեկանութիւնը: Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի կողմէ Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պարտականութիւնը ստանձնած ժամանակաշրջանը եղաւ ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանը` 2000-ին այդ նախարարութեան հիմնադրութենէն ի վեր: Վ. Օհանեան-Գէորգեանի օրերուն արդէն իսկ Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը վերածուած էր լուսանցքայնացած նախարարութեան մը, ինչպէս նաեւ...

Այնճարի Մէջ.   «Ներկայ Փուլին Պէտք Է Դրական Մթնոլորտ  Տարածել Եւ Ջանքերը Միասնականացնել»   Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

Այնճարի Մէջ. «Ներկայ Փուլին Պէտք Է Դրական Մթնոլորտ Տարածել Եւ Ջանքերը Միասնականացնել» Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Այնճարի հիմնադրութեան 82-ամեակին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 106-ամեակին տօնակատարութիւնները եզրափակող Ս. պատարագին, որ մատուցուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Ս. պատարագին ներկայ էին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետներ Վարդգէս Խօշեան եւ Մարտիկ Պօղոսեան: Ս. պատարագէն...

Նոր Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքի  Ներկայացուցիչ, Ճարտարարուեստի  Նախարար Ճորճ Պուչիքեանի Կենսագրութիւն

Նոր Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչ, Ճարտարարուեստի Նախարար Ճորճ Պուչիքեանի Կենսագրութիւն

Ճորճ Պուչիքեան ծնած է 10 մայիս 1965-ին: Վկայուած է որակի եւ նորոգութեան մարտահրաւէրներու տնօրինման մարզին մէջ` Ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան տնօրինման Քանատայի հիմնարկէն: Մասնագիտացած է պաշտօններու արժեւորման, ծրագրաւորումի եւ արտադրութեան մարզի տնօրինման, ծախսերու նուազեցման եւ որակի պահպանման ընդմէջէն` արտադրողականութեան բարելաւումը ապահովելու, պիւտճէներու պատրաստութեան եւ գործարկումի ծախսերու քննութեան մարզերուն մէջ: Ճ. Պուչիքեան Այնճարի բարեկարգումի խորհուրդի նախագահն է: Ան անդամ է բժշկական սարքեր...

Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը Ծնունդ Առաւ  13 Ամսուան Տառապալից Երկունքէ Ետք.   Վարչապետ Միքաթի Կը Խոստանայ Ամէն Ջանք  Ի Գործ Դնել` Լուծելու Համար Երկրին Տագնապները

Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը Ծնունդ Առաւ 13 Ամսուան Տառապալից Երկունքէ Ետք. Վարչապետ Միքաթի Կը Խոստանայ Ամէն Ջանք Ի Գործ Դնել` Լուծելու Համար Երկրին Տագնապները

Անցնող 13 ամսուան ընթացքին տիրած գրեթէ անիշխան իրավիճակէն ետք, երէկ Լիբանան ունեցաւ իր նոր կառավարութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին երկարաժամկէտ ըլլալը մերժող վարչապետ Միքաթի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ գործակցաբար յաջողեցաւ կազմել կառավարութիւնը, որ կը բաղկանայ 24 նախարարներէ: Օր մը առաջ տիրած լաւատեսութիւնը, որ տեւած էր մինչեւ կէս գիշեր, իսկ առաւօտեան յաւելեալ դրական ներուժով համակուած էր,...

Կառավարութեան Կազմութիւնը` Այսօ՞ր

Կառավարութեան Կազմութիւնը` Այսօ՞ր

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին լիբանանցիին համար կեանքը օր մը լաւ-օր մը վատ կշռոյթով չընթացաւ, այլ` օր մը վատ-օր մը աւելի վատ կշռոյթով: Անցեալ օգոստոսին Հասսան Տիապի կառավարութեան հրաժարելէն 13 ամիս ետք երկիրը տակաւին կը մնայ առանց կառավարութեան, որուն կազմութեան մասին լաւատեսութիւնն ու յոռետեսութիւնը վերածուած է սակարանի, որուն ելեւէջները վայրկեաններու վրայ հիմնուած են: Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին դրական եւ ժխտական մթնոլորտը...

Զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ Այցելեց  Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Բանակի Հրամանատարին

Զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Բանակի Հրամանատարին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան զինուորական հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութեան կողմէ ներկայացուած որեւէ օժանդակութիւն` շրջանցելու համար լիբանանցիներուն դիմագրաւած տնտեսական եւ ապրուստի դժուար պայմանները: Նախագահ Աուն ներկայացուց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն պարզած իրավիճակը, յատկապէս բանակին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոնց ունեցած հետեւանքը` սնունդի եւ բժշկութեան տագնապներուն վրայ:...

Հատուցման Քարտի Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Հատուցման Քարտի Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ երէկ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը կատարեցին հատուցման քարտին: Հատուցման քարտին նպատակն է օժանդակել Լիբանանի մէջ ապրող կարիքաւոր ընտանիքներուն, եւ այդ քարտը ունեցող ընտանիքները պիտի ստանան գումարներ` դիմագրաւել կարենալու համար Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ տնտեսական տագնապին մարտահրաւէրները: Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ հատուցման քարտ կրող լիբանանցի ընտանիքներուն գումարները պիտի...

Հաուաթ. «Չենք Մտածեր Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Մարզին Վերաբերող  Սակերը Բարձրացնելու Մասին»

Հաուաթ. «Բջիջային Հեռաձայնի, Միջազգային Հաղորդակցութիւններու Եւ Համացանցի Սակերը Բարձրացնելու Ոչ Մէկ Միտում Կայ»

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Թալալ Հաուաթ «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու տնօրէնութիւններուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ «Ալֆա», «Թաչ» եւ «ՕԺերօ» ընկերութիւններուն մազութ ապահովելու շտապ ծրագիրը` գործակցութեամբ համապատասխան նախարարներուն: Հաուաթ ընդգծեց հաղորդակցութեան միջոցներու եւ համացանցի ծառայութիւններուն բարելաւումը` հեռաւոր շրջաններուն մէջ, ուր համացանցի եւ հաղորդակցութեան կապերը լաւ չեն: Ան ընկերութիւններէն պահանջեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լուծել թեքնիք...

Լիբանանցի Անձնաւորութիւններու Դէմ  Պատիժներու Բանեցումը Շաբաթներու Հարց Է

Լիբանանցի Անձնաւորութիւններու Դէմ Պատիժներու Բանեցումը Շաբաթներու Հարց Է

Լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Լոյք Քերվրան յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտ փուլ մըն է, սակայն անբաւարար է: «Կառավարութեան կատարելիք բարեկարգումներն ու աւելի ուշ անոնց գործադրութեան ուղեգիծը, որուն շուրջ քաղաքական ուժերը համաձայնած են, հիմնական է», ըսաւ ան: Քերվրան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու առումով արտաքին պատճառաբանութիւններու մասին խօսիլն ու այլոց պատասխանատու նկատելը զարմանալի է: Ան նկատել տուաւ,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 900 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարը, որ զինք տեղեակ պահեց Սուրիա եւ Յորդանան կատարած իր այցելութիւններու արդիւնքներուն մասին: Ղաժար ընդգծեց, որ Սուրիոյ եւ Յորդանանի ճամբով դէպի Լիբանան եգիպտական կազ եւ յորդանանեան ելեկտրականութիւն...

«Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով  Պէտք Եղած Բոլոր Դիւրութիւնները  Տրամադրեցի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Պէտք Եղած Բոլոր Դիւրութիւնները Տրամադրեցի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ կապը տակաւին կայ, եւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին` ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն` միջնորդի դրութեամբ: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով պէտք եղած բոլոր դիւրութիւնները տրամադրած է` աւելցնելով, որ Պաապտայի եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ կառավարութեան նոր կազմին պատկերացումը կրող թուղթերու փոխանակում կը կատարուի: «Առաջարկներ կը կատարուին,...

Այաթոլլա Խամենէի Ներկայացուցիչը  Այցելեց Պըրրիի Եւ Միւֆթի Տըրիանի

Այաթոլլա Խամենէի Ներկայացուցիչը Այցելեց Պըրրիի Եւ Միւֆթի Տըրիանի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Հասան Ախթարին, որ ներկայ գտնուած էր Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի յուղարկաւորութեան արարողութեան: Շէյխ Ախթարի Պըրրիին յայտնեց Իրանի հանրապետութեան եւ անոր իշխանութեան պետերուն ու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ցաւակցութիւնը` շէյխ Քապալանի մահուան առիթով: Տար Ֆաթուայի Մէջ Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ...

Ամմանի Մէջ.   Համաձայնութիւն Կը Գոյանայ Լիբանանին  Կազ Եւ Ելեկտրականութիւն Տրամադրելու  Կարելիութիւններուն Շուրջ

Ամմանի Մէջ. Համաձայնութիւն Կը Գոյանայ Լիբանանին Կազ Եւ Ելեկտրականութիւն Տրամադրելու Կարելիութիւններուն Շուրջ

Յորդանան երէկ իր մայրաքաղաքին` Ամմանի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանին ելեկտրականութիւն եւ կազ տրամադրելու կարելիութիւնները սերտելու քառակողմ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Յորդանանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ուժանիւթի նախարարները: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք ձգած էին` Լիբանանին ուժանիւթ տրամադրելու իմաստով, եւ այդ ուժանիւթին մաս կը կազմէին յորդանանեան ելեկտրական հոսանքն ու եգիպտական կազը` Սուրիոյ վրայով: Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1008 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ: ՊԻՒԹԱԿԱԶԻ ցրուիչներու սենտիքայի նախագահ Ապտել Հատի Քամալ Օպէյտի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պիւթակազի պահեստը մինչեւ սեպտեմբեր ամսուան աւարտ կը բաւարարէ` աւելցնելով, որ վառելանիւթին տրամադրուած նիւթական նպաստը ջնջելու պարագային պիւթակազի շիշին սակը 180 հազար լ. ոսկի պիտի ըլլայ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի...

Վերջին Հրաժեշտ` Շէյխ Քապալանի

Վերջին Հրաժեշտ` Շէյխ Քապալանի

Լիբանան երէկ իր վերջին հրաժեշտը տուաւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի: Ազգային սուգի մթնոլորտին մէջ շիի հոգեւոր պետին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը սկսաւ կէսօրին` Շիիներու գերագոյն խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ քաղաքական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ ընկերային մարզը ներկայացնող պատասխանատուներու: Քորանի ընթերցումէն ետք միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան կարդաց հրաժեշտի խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր հայրը`...

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի  Պայթումի Զոհերուն Հարազատները  Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Հարազատները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց անոնց դիմագրաւած հիւանդանոցային բուժման դժուարութիւնները, պայթումի վիրաւորներուն շարունակուող տառապանքը, ինչպէս նաեւ զանոնք հատուցումներուն մէջ նկատի չունենալու հարցը: Աքըր հաստատեց, որ ինք այդ բոլոր հարցերը պիտի քննարկէ համապատասխան նախարարներուն հետ, եւ պիտի գործադրուի...

Վառելանիւթի Գնման Տրամադրուած Նպաստին  Ջնջուելէն Ետք Պենզինի Թիթեղին  Սակը Պիտի Հասնի 300 Հազար Լ. Ոսկիի

Վառելանիւթի Գնման Տրամադրուած Նպաստին Ջնջուելէն Ետք Պենզինի Թիթեղին Սակը Պիտի Հասնի 300 Հազար Լ. Ոսկիի

Վառելանիւթի գնման նպատակով տրամադրուած պետական նպաստը ջնջելու որոշումը արդէն իսկ անցած է գործադրութեան փուլ, իսկ պահեստի առումով երկիրը հասած է կարմիր գիծին: Լիբանանի վառելանիւթի պահեստը մինչեւ յառաջիկայ երեքշաբթի օր պիտի բաւէ, որմէ ետք տագնապը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի: Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ գործող վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Սամի Պրաքս յայտնեց, թէ պետութեան կողմէ վառելանիւթի գնման նպատակով տրամադրուած նպաստը...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Հովանաւորէ   «Տէյվիս» Թենիսի Մրցաշարքը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Հովանաւորէ «Տէյվիս» Թենիսի Մրցաշարքը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի թենիսի հաւաքականին, որ յառաջիկայ շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 սեպտեմբերին, Քասլիքի «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» մարզահամալիրին մէջ պիտի մրցի Պրազիլի հաւաքականին դէմ, «Տէյվիս» թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Վ. Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալը` ընկերակցութեամբ ֆետերասիոնի անդամ Լին Պաշշուրի: Հանդիպումին ընթացքին նախարարի պաշտօնակատարը անմիջական...

Խուրի. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Միջեւ  Տագնապները Լուծելու Նպատակով Կարգ Մը  Նախարարներու Կողմէ Հանդիպումները  Նախապատրաստական Ընթացքի Մէջ Էին»

Խուրի. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Միջեւ Տագնապները Լուծելու Նպատակով Կարգ Մը Նախարարներու Կողմէ Հանդիպումները Նախապատրաստական Ընթացքի Մէջ Էին»

Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց, որ ոմանք անակնկալի եկած են այն իրականութենէն, որ ինք կարդացած է լիբանանեան եւ սուրիական պատուիրակութիւններու հանդիպումին տրուած որոշումները: Խուրի յայտնեց, որ առաջին անգամը չէ, որ լիբանանեան-սուրիական միացեալ հանդիպումէ մը ետք ինք կը ներկայացնէ տրուած որոշումները` աւելցնելով, որ ատիկա իր պարտականութիւններուն մաս կը կազմէ: «Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդին աշխատանքները տակաւին...

Page 392 of 988 1 … 391 392 393 … 988

Արխիւներ