Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Բանակի Հրամանատարին

September 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան զինուորական հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութեան կողմէ ներկայացուած որեւէ օժանդակութիւն` շրջանցելու համար լիբանանցիներուն դիմագրաւած տնտեսական եւ ապրուստի դժուար պայմանները:

Նախագահ Աուն ներկայացուց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն պարզած իրավիճակը, յատկապէս բանակին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոնց ունեցած հետեւանքը` սնունդի եւ բժշկութեան տագնապներուն վրայ:

Ան կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան այս իմաստով եւս օժանդակելու` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցաբար սահմանային խաղաղութիւնը պահպանելու իմաստով:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարեւոր է նաեւ Եւրոպայի ապահովական կայունութեան համար:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով Եւրոպական Միութեան մատուցելիք օժանդակութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ զօր. Կրացիանոյէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելին:

Իր կարգին, զօր. Կրացիանօ հաստատեց իր գոհունակութիւնը Լիբանանի մէջ 2007-2010 ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու իբրեւ հրամանատար ծառայելուն առիթով, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Լիբանանին յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու` ընդգծելով Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` ընդհանրապէս, իսկ հարաւային Լիբանանի սահմանային կայունութեան պահպանումը` ի մասնաւորի:

Ան նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է սերտել կացութիւնը եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու կարելիութիւնները:

Զօր. Կրացիանօ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ ընդունեց զօր. Կրացիանոն եւ անոր ընկերակցող զինուորական պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները` ընդգծելով երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը:

Տեղի ունեցող ապահովական իրադարձութիւններուն կողքին, քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու կարելիութիւնները:

Զօր. Կրացիանօ այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն կողմէ Լիբանանին մատուցուած օժանդակութիւնները:

Նախորդը

Հատուցման Քարտի Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութիւնը` Այսօ՞ր

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.