Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Պէտք Եղած Բոլոր Դիւրութիւնները Տրամադրեցի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Սեպտեմբեր 9, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ կապը տակաւին կայ, եւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին` ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն` միջնորդի դրութեամբ:

Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով պէտք եղած բոլոր դիւրութիւնները տրամադրած է` աւելցնելով, որ Պաապտայի եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ կառավարութեան նոր կազմին պատկերացումը կրող թուղթերու փոխանակում կը կատարուի: «Առաջարկներ կը կատարուին, եւ նշանակուած վարչապետին կողմէ նախարարներուն անունները ուսումնասիրութեան կ՛ենթարկուին», ըսաւ ան:

Կարեւորը այն է, որ կառավարութեան կազմութեան կամք եւ փափաք գոյութիւն ունենայ: «Ես եւ վարչապետը այս իմաստով վճռական ենք եւ միասնաբար կը շարունակենք գործել` իրականացնելու համար այդ պատասխանատուութիւնը: Ես օր մը օրանց կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւն չեմ պահանջած եւ այդ մասին բացայայտօրէն յայտարարած եմ, նախագահական պալատէն բազմաթիւ հաղորդագրութիւններ հրապարակուած են այս իմաստով, իսկ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անձամբ հերքած է այս մասին լուրերը, բայց եւ այնպէս ոմանք տակաւին կը շարունակեն այս պատճառաբանութեամբ առաջնորդուիլ, որպէսզի պատասխանատուութիւնը հանրապետութեան նախագահին վերագրեն», ըսաւ ան:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի դերակատարութեան անդրադառնալով` նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իպրահիմին, որ կամաւորաբար նպաստեց կարգ մը թնճուկներու հանգուցալուծման: «Ապպաս Իպրահիմի համար պատկերը յստակ է, եւ ան տեղեակ է կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնող կնճռոտ հարցերուն մասին», յայտնեց նախագահ Աուն:

Ան նկատել տուաւ, որ իր եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ ամուր` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւններուն ոչ հեզասահ ըլլալուն մասին լուրերը տեղեկատուական մարզին պատկերացումներն են եւ հեքիաթները, որոնք չկան, սուտ են եւ զրպարտութիւն եւ կը շարունակեն գործել առանց հաշուետուութեան եւ քննչական հոլովոյթի, «այդ պատճառով ալ չենք զարմանար, երբ կը տեսնենք պատկերասփիւռի կայաններ, որոնք միշտ հանրապետութեան նախագահին դէմ ցեխարձակումներ կը կատարեն», աւելցուց նախագահ Աուն:

Ան կտրականապէս մերժեց Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան մէջ իր արձանագրած խախտումներուն վերաբերող ամբաստանութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ ան ըսաւ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը նիստի հրաւիրելը իր միջոցներէն մէկն է հասնելու ժողովուրդի տառապանքներուն մեղմացումին, երբ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կը մերժէ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնները:

Նախագահ Աուն եզրափակեց ըսելով, որ ինք այսօր վաղուընէ առաջ կը փափաքի Ռապիէ վերադառնալ` ընդգծելով սակայն, որ այդ քայլին պիտի չդիմէ մինչեւ իր նախագահական պաշտօնավարութեան վերջին օրը:

Նախորդը

Այաթոլլա Խամենէի Ներկայացուցիչը Այցելեց Պըրրիի Եւ Միւֆթի Տըրիանի

Յաջորդը

Փայլան 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի Դէպքերը Հետաքննելու Հարցը Դարձեալ Բերած Է Թուրքիոյ Խորհրդարանի Օրակարգ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?