Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նաւը Վարեց «Ալեկոծ Ծովու» Վրայ

Սեպտեմբեր 13, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի նախարարական պարտականութեան աւարտին առիթով «Թաուասալ» կայքը հրապարակեց Ժալալ Պաայնոյի յօդուածը, որուն «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ յապաւումներով` պահելով անոր շահեկանութիւնը:

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի կողմէ Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պարտականութիւնը ստանձնած ժամանակաշրջանը եղաւ ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանը` 2000-ին այդ նախարարութեան հիմնադրութենէն ի վեր:

Վ. Օհանեան-Գէորգեանի օրերուն արդէն իսկ Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը վերածուած էր լուսանցքայնացած նախարարութեան մը, ինչպէս նաեւ պետական պիւտճէին մէջ աննշան բաժինով մը նկատի առնուած էր` նկատի ունենալով Լիբանանի ապրած տնտեսական դժուար պայմանները, որոնք աւելի տիրական դարձած են երկու տարիէ ի վեր:

Այս առումով ֆետերասիոններուն, մարզական խումբերուն եւ ակումբներուն տրուած նիւթական յատկացումները ամբողջութեամբ անհետացան, մինչդեռ նախորդ տարիներուն այդ օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով կը տրամադրուէին անոնց` անյստակ չափանիշներու հիման վրայ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան իր պարտականութիւնը ստանձնած օրէն սկսեալ իր հանդարտութեամբ եւ արագ ըմբռնելու բարձր կարողութեամբ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց:

Նախարարութեան պատասխանատուութիւնները ստանձնելէ անմիջապէս ետք ան մօտէն ծանօթացաւ նախարարութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն` լաւապէս ուսումնասիրելով նախարարութեան բոլոր թղթածրարները: Ան կեդրոնացումով հետեւեցաւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի, ինչպէս նաեւ նախարարութեան մարզական հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Օուէյտաթի զեկուցումներուն:

Ան տիրապետեց մարզական ֆետերասիոններու ու ակումբներու թղթածրարներուն եւ տուաւ այնպիսի որոշումներ, որոնք ամէն իմաստով նպաստեցին մարզական բնագաւառին:

Այդ որոշումներէն մէկն էր «Էմ. Էմ. Էյ.» խառն մարտարուեստը Լիբանանի մէջ դարձեալ արտօնելու Վ. Օհանեան-Գէորգեանի որոշումը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան ներկայ գտնուեցաւ մեծ թիւով ձեռնարկներու, «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտարուեստի մրցաշարքի բացման արարողութեան հովանաւորութենէն սկսեալ, մինչեւ դահուկարշաւի մարզիկներուն պարգեւատրումը, Միջին Արեւելքի «Քրոս քարթ» մրցումի ախոյեաններուն պարգեւատրումը, Լիբանանի ռելիի ախոյեանի պարգեւատրումն ու յառաջիկայ շաբաթ, 18 եւ կիրակի 19, սեպտեմբերին, Պրազիլի հաւաքականին դէմ, «Տէյվիս» թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ Լիբանանի թենիսի հաւաքականին ունենալիք մրցումի հովանաւորութիւնը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան բազմաթիւ առիթներով ներկայացուց հանրապետութեան նախագահը:

Նախարարութեան իր պատասխանատուութեան ծիրին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան «Քորոնա» համաճարակին ընթացքին բազմիցս գործակցեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան հետ` յաջողցնել կարենալու համար տարբեր ախոյեանութիւններ եւ մրցաշարքեր: Անոր միջամտութիւնները դրական արձագանգի արժանացան, ինչպէս նաեւ նախարարը դրսեւորեց իր յանձնառութիւնը երկրին մարզական աւաններուն եւ կառոյցներուն նորոգութեան նկատմամբ, մանաւադ «Քամիլ Շամուն»-ի անուան Մարզական աւանի նորոգութեան առումով:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան եղաւ շատ լսող, իմաստուն որոշումներ տուող եւ քիչ խօսող նախարարը, որ որեւէ որոշում տալէ առաջ սերտեց հարցերը իրենց բոլոր կողմերով: Այս շրջագիծին մէջ լաւագոյն օրինակներէն է այն, որ ան չաճապարեց «Ճեթ քոն տու» մարտարուեստի Լիբանանի ֆետերասիոնը հիմնելու որոշումը տալու առումով, եւ այդ որոշումը ճիշդ էր ու տեղին, հակառակ անոր որ նոր նշանակուած նախարար Ժորժ Քալլասի հետ նման ֆետերասիոն մը հիմնելու պարանաձգութիւնը կրնայ շարունակուիլ:

Հակառակ այն դժուար պայմաններուն, որոնք տիրեցին իր նախարարութեան ժամանակաշրջանին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան յաջողեցաւ իր ստանձնած պարտականութեան մէջ եւ գործեց իր ունեցածին համեմատ: Իր հանդարտութեամբ, բծախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ, եւ բոլորին լսելու ունակութեամբ ան շահեցաւ Լիբանանի մարզական ընտանիքին յարգանքը:

 

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. «Ներկայ Փուլին Պէտք Է Դրական Մթնոլորտ Տարածել Եւ Ջանքերը Միասնականացնել» Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Առաջին Նիստը, Իսկ Պըրրի Լաւատես Է Յաջորդ Փուլին Արձանագրուելիք Իրադարձութիւններով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?