Անցնող 13 ամսուան ընթացքին տիրած գրեթէ անիշխան իրավիճակէն ետք, երէկ Լիբանան ունեցաւ իր նոր կառավարութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին երկարաժամկէտ ըլլալը մերժող վարչապետ Միքաթի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ գործակցաբար յաջողեցաւ կազմել կառավարութիւնը, որ կը բաղկանայ 24 նախարարներէ:
Օր մը առաջ տիրած լաւատեսութիւնը, որ տեւած էր մինչեւ կէս գիշեր, իսկ առաւօտեան յաւելեալ դրական ներուժով համակուած էր, արդէն իսկ ցուցանիշ էր կառավարութեան կազմութեան նախանշաններուն:
Բայց եւ այնպէս լիբանանցիները մինչեւ կառավարութեան նոր կազմին մասին իշխանութեան պետերուն ստորագրութեան լուրը չիմանալն ու նոր նախարարներուն անունները չլսելը չհաւատացին, թէ կառավարութիւնը կազմուած է:
Կառավարութեան կազմութեան արարողակարգային նախապատրաստութիւններուն շրջագիծին մէջ նախագահական պալատը հաստատեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի փափաք յայտնած է այցելել Պաապտա եւ կառավարութեան մասին վերջին խորհրդակցութիւնները կատարել նախագահ Աունի հետ ու ապա յայտարարել զայն:
Վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան ուրբաթ օրուան նամազէն ետք պիտի բարձրանայ նախագահական պալատ եւ պիտի յայտարարէ կառավարութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի կէսօրուան ժամը 1:30-ին հասաւ նախագահական պալատ` լրագրողներուն ցոյց տալով ձեռքին մէջ գտնուող թուղթ մը:
Ան նախագահ Աունի հետ ունեցաւ շուրջ մէկ ժամուան հանդիպում մը, որուն ընթացքին նախագահական պալատ հրաւիրուեցաւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, իսկ աւելի ուշ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահին Պաապտա ժամանումով իշխանութեան երեք պետերը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին նախագահն ու վարչապետը ստորագրեցին նոր կառավարութեան կազմը:
Պըրրի նախագահական պալատէն մեկնեցաւ ողջունելով կառավարութեան կազմութիւնը:
Ապա Մաքքիէ կարդաց նախկին վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու հրամանագիրը, որուն յաջորդեց Նեժիպ Միքաթիի վարչապետ նշանակումին հրամանագիրը եւ ապա նորակազմ կառավարութեան պատկերը ներկայացնող հրամանագիրը:
– Նեժիպ Միքաթի` վարչապետ
– Սաատէ Շամի` փոխվարչապետ
– Պասսամ Մաուլաուի` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար
– Ֆիրաս Ապիատ` առողջապահութեան նախարար
– Նասեր Եասին` կենսոլորտի նախարար
– Ամին Սալամ` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար
– Ճորճ Պուչիքեան` ճարտարարուեստի նախարար
– Եուսեֆ Խալիլ` ելեւմուտքի նախարար
– Ալի Համիէ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար
– Ապպաս Հաժ Հասան` երկրագործութեան նախարար
– Մոհամետ Մուրթատա` մշակոյթի նախարար
– Մուսթաֆա Պայրամ` աշխատանքի նախարար
– Ապպաս Հալապի` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար
– Իսամ Շարաֆէտտին` գաղթականներու հարցերու նախարար
– Ապտալլա Պու Հապիպ` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար
– Ճոնի Քըրըմ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար
– Ուալիտ Նասսար` զբօսաշրջութեան նախարար
– Ժորժ Քըրտահի` տեղեկատուութեան նախարար
– Հանրի Խուրի` արդարութեան նախարար
– Ուալիտ Ֆայեատ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար
– Մորիս Սլիմ` պաշտպանութեան նախարար
– Հեքթոր Հաժժար` ընկերային հարցերու նախարար
– Ժորժ Քալլաս` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար
– Նաժլա Ռիաշի` վարչական բարեկարգումի պետական նախարար
Կառավարութեան նոր կազմը յայտարարելէն անմիջապէս ետք, վարչապետ Միքաթի կատարեց յուզումնախառն յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանցիներու տառապանքին:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը Իսրայէլէն բացի բոլորին հետ պիտի գործէ` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:
«Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ` փրկելու համար Լիբանանը: Պիտի թակեմ միջազգային կազմակերպութիւններուն դռները, պիտի դիմեմ արաբական աշխարհին` լիբանանցիներուն տրամադրելու իրենց տարրական ու կենսական կարիքները, եւ կը շեշտեմ Լիբանանի գերագոյն շահերուն համար միասնականութեամբ աշխատելու կարեւորութիւնը»:
Կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ ոեւէ մէկը արգելակէ աշխատանքը:
Ան շեշտեց, որ աշխատանքը խանգարել փափաքողը կրնայ ինքզինք դուրս շպրտել, որովհետեւ այսօր աշխատանքի ժամանակն է եւ ոչ թէ քաղաքական բանավէճի ժամանակը:
«Մենք աշխատանքի մէկ խմբակ ենք եւ պիտի աշխատինք վերջ տալու յուսալքումին եւ ընկճուածութեան: Պիտի գործենք յոյսով, կամքով ու կորովով` հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ մենք ամբողջ հայրենիքին ենք եւ ոչ թէ այս կամ այն կողմին: Մեր աշխատանքը պիտի կատարենք Ազգային ուխտին, լիբանանեան սահմանադրութեան եւ կանոններուն համաձայն», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց երեսփոխանական, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու իր յանձնառութիւնը:
Կառավարութեան շնորհուելիք վստահութեան քուէին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աուն հաստատած է, որ ինք պիտի խորհրդակցի Հզօր Լիբանան համախմբումին հետ, որ իր վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ կառավարութեան:
Իր կարգին, նախագահ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմը լաւագոյն կարելիութիւնն էր` աւելցնելով, որ անիկա աշխատանքի կարողութիւն ունի:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ սահմանադրական կարգ մը հարցերու պատճառով կառավարութեան կազմութիւնը ուշացում արձանագրեց, սակայն սահմանադրութիւնն ու կառավարութեան կազմութեան աւանդը պահպանուեցան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերուն լուծումն է: Ան շեշտեց, որ իրենք հսկայական պատասխանատուութիւններու դիմաց կը գտնուին, եւ պէտք է աշխատին դուրս գալու համար Լիբանանը յուզող ներկայ տագնապէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը հարուածած փորձանքներուն հետեւանքներէն:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ պէտք չէ մոռնալ նախորդ 30 տարուան կառավարման վատ ձեւը, որուն պատճառով արդէն իսկ տագնապները դիզուած էին եւ աւելի եւս բարդացան Լիբանանը հարուածած յաւելեալ փորձանքներով:
Նախագահական պալատի լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան դժոխքէն դուրս պիտի գայ` ընդգծելով, որ ինք կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը չունի, եւ աւելցնելով, որ ատիկա իր դէմ մղուող քաղաքական պատերազմ էր:
Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ աշխատանքը համախոհութեամբ կատարուի` հաստատելով, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները հաստատ են:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան ընթացքին ամերիկեան տոլարին սակը անկում արձանագրեց եւ հասաւ 15.700 լ. ոսկիի, իսկ կէսօրէ ետք ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը վերածուեցաւ 16.000 լ. ոսկիի:
Նշենք, որ կառավարութիւնը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ երկուշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Կառավարութեան կազմութիւնը արժանացաւ տեղական, արաբական եւ միջազգային ողջոյնի:
Նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ շնորհաւորեց լիբանանցիները` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնելիք պատասխանատուութեան համար:
Տիապ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետ Միքաթիին` Լիբանանը ճիշդ հունի վրայ զետեղելու անոր պատասխանատուութեան համար, յատկապէս նկատի ունենալով, որ տագնապը խոր է, եւ կարիքը կայ բոլորին համագործակցութեան:
Տիապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հանրապետութեան նախագահէն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ փուլին ընթացքին ցուցաբերուած գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միքաթիէն, որ գնահատեց նախորդ շրջանին Տիապի կողմէ գործադրուած ջանքերը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Միքաթիին` երկրին փլուզումը կասեցնելու եւ բարեկարգումներու գործադրութեան աշխատանքին լծուելու անոր կենսական գործունէութեան մէջ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ցաւ յայտնեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ուշացումին համար, որովհետեւ անիկա լիբանանցիներուն տառապանքն ու ցաւերը կրնար խնայել: «Յոյս ունինք, որ սահմանադրութիւնը յարգել սորվեցան, ինչպէս նաեւ համոզուեցան, որ ոչ ոք կոտրելու մասին պէտք է գրաւ դրուի: Կը յուսանք, որ նորակազմ կառավարութիւնը պիտի չուշանայ բարեկարգումներու գործադրութեան մէջ: Բաւական ուշացանք, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը այսօր կարելի եղաւ բացայայտել», հաստատեց ան:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց կառավարութեան կազմութիւնը եւ կոչ ուղղեց կատարելու բարեկարգումները:
Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ կառավարութիւնը յաջողի Լիբանանը փրկել եւ ելեւմտական, տնտեսական ու ապրուստի բարեկարգումներ կատարել` Լիբանանը իր բոլոր հաստատութիւններով փրկելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն բարօրութիւնը ապահովելու համար:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շնորհաւորեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ անիկա անհրաժեշտութիւն մըն էր:
Մաքրոն յաջողութիւն մաղթեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` ժողովուրդին ծառայելու իր պարտականութեան մէջ:
Մաքրոն շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է հաւատարիմ մնան անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարելու իրենց յանձնառութիւններուն, որովհետեւ այդ ձեւով է միայն, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանին օժանդակութիւններ պիտի տրամադրէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր քայլ մըն է, եւ յոյս յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի կարողութիւն ունենայ լիբանանեան քաղաքական ուժերը համախմբելու, որպէսզի լիբանանցիները կարենան յաղթահարել իրենց ապրած ողբերգական տագնապները:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա ուրախութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան համար` ընդգծելով, որ իշխանութեան հետ կապուած բարեկարգումներուն գործադրութիւնը պէտք է սկսիլ, ինչպէս նաեւ պատրաստուիլ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու` սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:
«Ժամանակն է լիբանանցիներուն բեռը թեթեւցնել եւ անոնց ձգտումները իրականացնելու` աւելի լաւ ապագայի մը համար», ըսաւ Վրոնեցքա:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը եւ հաստատեց, որ անիկա երկրին ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներու լուծման եւ բարեկարգումներու գործադրութեան, ինչպէս նաեւ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստուելու բանալին է:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ Արաբական լիկան կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին, զայն իր ներկայ դժուար կացութենէն փրկելու եւ կայուն իրավիճակի մը հասցնելու համար:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ նորակազմ կառավարութեան գործելու առիթ պէտք է ընծայել, որպէսզի ան կարենայ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերել:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական բարեկարգումներ գործադրուին եւ երկիրը դուրս բերուի շրջանային բախումներէն: