Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1148 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներն ու լիբանանցիներուն վրայ անոնց ունեցած ուղղակի ազդեցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ...



















