Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Հրաժեշտ` Շէյխ Քապալանի

September 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան երէկ իր վերջին հրաժեշտը տուաւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի:

Ազգային սուգի մթնոլորտին մէջ շիի հոգեւոր պետին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը սկսաւ կէսօրին` Շիիներու գերագոյն խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ քաղաքական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ ընկերային մարզը ներկայացնող պատասխանատուներու:

Քորանի ընթերցումէն ետք միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան կարդաց հրաժեշտի խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր հայրը` շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան իր մէջ կրեց Լիբանանի պատմութիւնը իր բոլոր ցաւերով:

Իր կարգին, Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ հաստատեց, որ հանգուցեալ շէյխ Քապալան երկխօսութեան, փոխըմբռնումի, հաշտութեան եւ միասնականութեան քարոզիչ էր` բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն համար: Ան աւելցուց, որ շէյխ Քապալանի բոլոր կեցուածքներուն մէջ Պաղեստինեան դատը հիմնական մեկնակէտն էր:

Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ` նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի ներկայացուցիչ` նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլա, նախարարներու պաշտօնակատարներ, զինուորականներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի կեդրոնին մէջ Պըրրի շէյխ Քապալանը պարգեւատրեց «Մեծ խաչ» աստիճանի մայրիներու շքանշանով, որ յետմահու անոր տրուած էր նախագահ Աունի որոշումով` արժեւորելու համար հայրենիքին ծառայութեան նպատակով իր ջանքերը:

Ապա շէյխ Քապալանի թաղման թափօրը ուղղուեցաւ Ղպէյրիի «Ռաուտաթ շահիտէյն» համալիր, ուր տեղի ունեցաւ հանգստեան աղօթք եւ թաղում:

 

 

Նախորդը

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Հարազատները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Լաչինի Միջանցքի Մերձակայքի Ռազմափորձը Կը Խաթարէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Ջանքերը»

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.