Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հատուցման Քարտի Մեկնարկը Կատարուեցաւ

September 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ երէկ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը կատարեցին հատուցման քարտին:

Հատուցման քարտին նպատակն է օժանդակել Լիբանանի մէջ ապրող կարիքաւոր ընտանիքներուն, եւ այդ քարտը ունեցող ընտանիքները պիտի ստանան գումարներ` դիմագրաւել կարենալու համար Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ տնտեսական տագնապին մարտահրաւէրները: Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ հատուցման քարտ կրող լիբանանցի ընտանիքներուն գումարները պիտի տրամադրուին ամերիկեան տոլարով, կամ ալ օրուան սակին համապատասխանող լիբանանեան դրամանիշով:

Մշարրաֆիէ ընդգծեց, որ հատուցման քարտը ստանալու համար առցանց դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացնել սկսեալ 15 սեպտեմբեր 2021-էն, մինչեւ` 15 հոկտեմբեր 2021:

«Ամէն ջանք ի գործ դրինք վաւերացնելու համար հատուցման քարտը, իսկ լիբանանցի քաղաքացիին իրաւունքն է ըսել, որ ուշացած ենք, սակայն տնտեսութեան նախարարութեան եւ Միջազգային դրամատան հետ աշխատեցանք հիմնելու ցանց մը, որուն ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ այս դժուար օրերուն օժանդակել լիբանանցի ընտանիքներուն: Կը յուսանք մշակել տնտեսական ամբողջական ծրագիր մը, որ ժողովուրդը տագնապներէն դուրս կը բերէ եւ պետութիւնը յառաջդիմութեան ճիշդ ուղիին վրայ կը զետեղէ», ըսաւ Մշարրաֆիէ:

Իր կարգին, Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ հատուցման քարտ ունեցող ընտանիքի իւրաքանչիւր անհատ 25 տոլար պիտի ստանայ, 64 տարիքը բոլորած քաղաքացիի համար յաւելեալ 15 տոլար պիտի տրամադրուի, իսկ ընտանիք մը առաւելագոյնը կրնայ 126 տոլար ստանալ:

Ան նկատել տուաւ, որ ընտանիք կը նկատուին անոնք, որոնք նոյն տան մէջ կ՛ապրին եւ տան ծախսերն ու ապրուստը կը հոգան:

Նաամէ հաստատեց, որ հատուցման քարտ ստանալու համար պէտք է արձանագրուիլ լիբանանեան անձնաթուղթով, որուն պատճէնը կարելի է արձանագրութեան կցել մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2021:

Արձանագրութիւնը պիտի կատարուի www.daem.impact.gov.lb համացանցային հասցէով, իսկ արձանագրութեան առումով որեւէ դժուարութեան պարագային կարելի է հեռաձայնել 1747 թէժ գիծին:

Կը նախատեսուի, որ հատուցման քարտի ծառայութենէն օգտուին 750.000 ընտանիքներ:

 

 

Նախորդը

Հաուաթ. «Բջիջային Հեռաձայնի, Միջազգային Հաղորդակցութիւններու Եւ Համացանցի Սակերը Բարձրացնելու Ոչ Մէկ Միտում Կայ»

Յաջորդը

Զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Բանակի Հրամանատարին

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.