Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 900 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարը, որ զինք տեղեակ պահեց Սուրիա եւ Յորդանան կատարած իր այցելութիւններու արդիւնքներուն մասին: Ղաժար ընդգծեց, որ Սուրիոյ եւ Յորդանանի ճամբով դէպի Լիբանան եգիպտական կազ եւ յորդանանեան ելեկտրականութիւն հասցնելու հոլովոյթը դրական պիտի ըլլայ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ երկիրը տակաւին հեռու կը գտնուի բարեկարգում իրագործելու մթնոլորտէն: «Կան բարեկարգումի բազմաթիւ խոստումներ, սակայն առանց գործնական որեւէ աշխատանքի», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ խորհրդարանէն հրաժարիլը առկայ ընտրանքներէն մէկն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները միակ առիթն են երկրին քաղաքական ներկայ վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկելու:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Իթերվիքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը եւ վերջ տալու ժողովուրդին տառապանքին հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութեան:

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը ողջունեց Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր ուսուցիչները` հաստատելով, որ 2021-2022 կրթական տարեշրջանը պոյքոթի պիտի ենթարկուի, մինչեւ բոլոր պահանջներուն իրագործումը:

 

Նախորդը

Ներկայութեամբ Երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի. Լէյլաւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Շրջանի Հայորդիներու Մտերմիկ Ճաշ-Հաւաքը

Յաջորդը

Լիբանանցի Անձնաւորութիւններու Դէմ Պատիժներու Բանեցումը Շաբաթներու Հարց Է

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.