Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամմանի Մէջ. Համաձայնութիւն Կը Գոյանայ Լիբանանին Կազ Եւ Ելեկտրականութիւն Տրամադրելու Կարելիութիւններուն Շուրջ

Սեպտեմբեր 9, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանան երէկ իր մայրաքաղաքին` Ամմանի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանին ելեկտրականութիւն եւ կազ տրամադրելու կարելիութիւնները սերտելու քառակողմ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Յորդանանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ուժանիւթի նախարարները:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք ձգած էին` Լիբանանին ուժանիւթ տրամադրելու իմաստով, եւ այդ ուժանիւթին մաս կը կազմէին յորդանանեան ելեկտրական հոսանքն ու եգիպտական կազը` Սուրիոյ վրայով:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Յորդանանի ուժանիւթի նախարար Հալա Զաուաթի յայտնեց, որ քննարկած են եգիպտական կազը Յորդանանի եւ ապա Սուրիոյ ընդմէջէն Լիբանանին փոխանցելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարուի նաեւ այլ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի յորդանանեան ելեկտրական հոսանքը Լիբանանին փոխանցելու կարելիութիւնները, որպէսզի պատրաստուին համաձայնագիրները:

Զաուաթի նշեց, որ ասիկա կատարելու համար պէտք է ստուգել Սուրիոյ ենթակառոյցները, որովհետեւ անոնք պատրաստ պէտք է ըլլան ելեկտրականութիւնը Լիբանան փոխանցելու աշխատանքին:

Ան ըսաւ, որ եգիպտական կազն ու յորդանանեան ելեկտրականութիւնը Լիբանանին տրամադրելը բոլոր երկիրներուն համար կարեւոր է` աւելցնելով, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի օժանդակութեան համար:

Զաուաթի նկատել տուաւ, որ առաւելագոյնը երեք շաբթուան ընթացքին երկու համաձայնագիրներուն պատկերացումները պատրաստուած կ՛ըլլան:

Եգիպտոսի ուժանիւթի նախարար Թարեք Մուլլա յայտնեց, որ արաբական կազատարին աշխատանքները տասը տարի կասեցնելէ ետք, այդ կազատարը դարձեալ պիտի բանի` աւելցնելով, որ պէտք է ստուգել կազատարը իր բոլոր ցանցերով:

Մուլլա հաստատեց, որ հանդիպումին ընթացքին ճշդուած է ուղեգիծ մը, որպէսզի արաբական կազատարը կարելի եղածին չափ շուտ կարելի ըլլայ բանեցնել եւ Լիբանանին կազ հասցնել:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար յայտնեց, որ Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը բնական ընթացք է` աւելցնելով, որ Լիբանան Միջազգային դրամատան հետ կը գործակցի եգիպտական կազին սակը վճարելու համար:

Ան նշեց, որ աւելի ուշ կարելիութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Յորդանանի արտադրած ելեկտրական հոսանքը ստանալու` Սուրիոյ մէջ ելեկտրականութեան փոխանցման ցանցին վրայ կատարուելիք նորոգութիւններէն ետք: Ղաժար հաստատեց նաեւ, որ յանձնախումբերը կը շարունակեն Իսրայէլի հետ հանդիպիլ` ծովային սահմանագծում կատարելու նպատակով: Ան աւելցուց, որ իրենց նախատեսութեամբ մինչեւ 2022-ի աւարտ հոր մը եւս պիտի փորուի:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Այաթոլլա Խամենէի Ներկայացուցիչը Այցելեց Պըրրիի Եւ Միւֆթի Տըրիանի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?