Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1008 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ:

ՊԻՒԹԱԿԱԶԻ ցրուիչներու սենտիքայի նախագահ Ապտել Հատի Քամալ Օպէյտի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պիւթակազի պահեստը մինչեւ սեպտեմբեր ամսուան աւարտ կը բաւարարէ` աւելցնելով, որ վառելանիւթին տրամադրուած նիւթական նպաստը ջնջելու պարագային պիւթակազի շիշին սակը 180 հազար լ. ոսկի պիտի ըլլայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ հատուցման քարտերու վերջնականացման հոլովոյթը միտումնաւոր կերպով ուշացնելու նպատակ գոյութիւն ունի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ երէկ յայտնեց, որ երկրին մէջ ամէն մարզի տրամադրուած պետական նպաստը ջնջելու ընթացքը յստակ է` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը կառավարութեան կազմութեան ուշացումին պատճառներէն մէկն է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ Լիբանան ուղղակիօրէն կապուած է միջազգային համակարգի մը, որ Լիբանանի հետ բնաւ առնչութիւն չունի: Ան հաստատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իրանեան նաւ պարտադրած է Լիբանանի վրայ` զայն նկատելով լիբանանեան գերիշխանութեան մաս կազմող տարր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի քարտէսը վերստին կը գծուի, իսկ Լիբանան այս հոլովոյթէն բացակայ է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ թալեպանները կրցան կազմել կառավարութիւն մը, եւ կոչ ուղղեց անոնց, որոնք ամենագէտ են եւ բազմազանութիւնը կը մերժեն, նման քայլի մը դիմելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու: «Լաւագոյնը պիտի ըլլայ այն, որ դուք ստանձնէք ամէն բան` օրական դրութեամբ խորհրդակցութիւններու այս թատրոնին փոխարէն», ըսաւ ան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Քերիմ Ռասի յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կարելի պիտի չըլլայ կազմել, որովհետեւ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները կը մերժեն կառավարութիւն կազմել` անկէ շահ մը չունենալու պատճառով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Գերմանիոյ սպայակոյտի պետ Էպերհարտ Զոռնը, որուն հետ քննարկեց երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը` ամրապնդել կարենալու համար անոր կարողութիւնները, որպէսզի ան կարենայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանել:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան գործավար Էրիք Օչինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Ակումբին Մէջ. Գերեվարութենէ Ազատած Մարալ Նաճարեանի Շնորհակալական Այցելութիւնը

Յաջորդը

Ամմանի Մէջ. Համաձայնութիւն Կը Գոյանայ Լիբանանին Կազ Եւ Ելեկտրականութիւն Տրամադրելու Կարելիութիւններուն Շուրջ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.