Նորակազմ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը, որմէ առաջ պիտի առնուի նաեւ կառավարութեան պաշտօնական լուսանկարը:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ նոր նշանակուած նախարարներուն հետ` քննարկելու համար կառավարութեան որդեգրելիք տնտեսական եւ ընկերային ընդհանուր քաղաքականութիւնը, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելու հիմքերը, ինչպէս նաեւ հիմնական հարցեր ու թղթածրարներ, որոնք կ՛օժանդակեն պատրաստելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, որ պիտի ներկայացուի խորհրդարանին եւ որուն հիման վրայ անոր վստահութեան քուէ պիտի շնորհուի:
Միքաթի նախագահեց նաեւ այլ նիստի մը, որուն մասնակցեցան հատուցման քարտին հետ առնչուող նախկին նախարարները:
Համաձայնութիւն գոյացաւ, որ նախկին եւ նոր նշանակուած նախարարները միասնաբար շարունակեն աշխատանքը` այս մասին վերջնական տեղեկագիր մը պատրաստելու նպատակով:
Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք Քուէյթի հետ խորհրդակցած է` աշխուժացնելու համար Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ ծրագիրները, յատկապէս Քուէյթի կողմէ Լիբանանի ելեկտրականութեան ծրագիրին յատկացուած վարկը վերակենդանացնելու կարելիութիւնները:
Միքաթի հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` փորձելով անկարելին կարելի դարձնել:
«Քաջ գիտենք, որ ելեւմտական հրաշքներու դարուն մէջ չենք ապրիր, եւ կարելի չէ նիւթական օժանդակութիւններ ապահովել առանց յստակ ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ թափանցիկ ներդրումներու, որոնք պիտի ըլլան նորակազմ կառավարութեան աշխատանքին հիմքերը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պիտի չարտօնէ, որ նախարարաց խորհուրդը վերածուի կռիւի դաշտի:
«Ես եւ հանրապետութեան նախագահը համաձայնած ենք ներդաշնակութեամբ գործելու անհրաժեշտութեան շուրջ, որպէսզի կարենանք երկիրը փրկել: Նախագահին, իմ, Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն շահը այս կ՛ենթադրէ», հաստատեց Միքաթի:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը ասօրուընէ սկսեալ աշխատանքի պիտի լծուի` ի խնդիր լիբանանցիներու շահերուն ապահովումին:
Պըրրի ընդգծեց, որ յառաջիկայ փուլին արձանագրուելիք իրադարձութիւններով ինք լաւատես է:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութիւնը ողջունող կեցուածքները շարունակուեցան արձանագրուիլ նաեւ շաբաթավերջին:
Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շնորհաւորեց վարչապետ Միքաթին եւ յաջողութիւն մաղթեց նորակազմ կառավարութեան` յոյս յայտնելով, որ նախարարաց խորհուրդը կարենայ Լիբանանի համար ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի զարթօնք մը ապահովել, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերուն մէջ բարեկարգումներ իրագործել:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շնորհաւորեց կառավարութիւնը` կոչ ուղղելով անմիջապէս սկսելու բարեկարգումի հիմնական քայլերուն` լուծելու համար երկրին մէջ տիրող տագնապները:
Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` շնորհաւորելու համար կառավարութեան կազմութիւնը, եւ մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը յաջողի իր գործունէութեան մէջ` լիբանանցիին արժանապատիւ կեանք մը ապահովելով:
Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Միքաթիի հետ` շնորհաւորելով կառավարութեան կազմութիւնը:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ գործադիր իշխանութեան 13 ամսուան թափուր մնալէն ետք կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանը վերստանձնելու հիմնական առաջին քայլը կը նկատուի` աւելցնելով, որ ներկայիս աշխատանքի հսկայ կարիք մը գոյութիւն ունի:
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը ողջունեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ կոչ ուղղեց գործադրելու անհրաժեշտ բարեկարգումները:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ իրենք պատրաստ են լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կանգնելու` ամրապնդելու համար երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: