Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը Եւ Զայն Փոխանցեց Խորհրդարան

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը Եւ Զայն Փոխանցեց Խորհրդարան

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը վաւերացուց իր աշխատանքային ծրագիրը, որուն հիման վրայ ան պիտի ներկայանայ խորհրդարան եւ անկէ վստահութեան քուէ պահանջէ: Կառավարութիւնը որոշեց գործել «Միասնաբար դէպի փրկութիւն» կարգախօսին համաձայն: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց աշխատանքային ծրագիրին մշակումը ստանձնած...

Վարչապետարանին Մէջ.  «ՄԱԿ Կը Շարունակէ Լիբանանին Զօրակցիլ`  Բոլոր Մարզերուն Մէջ»  Շեշտեց Վրոնեցքա

Վարչապետարանին Մէջ. «ՄԱԿ Կը Շարունակէ Լիբանանին Զօրակցիլ` Բոլոր Մարզերուն Մէջ» Շեշտեց Վրոնեցքա

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան առաջնահերթութիւնը` ընդգծելով երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու եւ տնտեսական ու ելեւմտական բարեկարգումներ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: «Հանդիպումին ընթացքին իմացայ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ապագայ տեսլականին մասին, եւ մեզի համար...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան  Նախարարութիւնը Յանձնեց

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախարարութիւնը Յանձնեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութիւնը յանձնեց նոր նշանակուած նախարար Ժորժ Քալլասի: Այս առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, ինչպէս նաեւ սկաուտական մարզին մէջ իրագործումներ արձանագրելու երազներն ու յոյսերը շատ աւելի մեծ էին, սակայն նախարարութեան փոքր անձնակազմով կարելի եղաւ առաւելագոյն չափով աշխատիլ` զանազան տարաչափութեամբ տագնապներու ընթացքին, որոնք նախարարութեան շարժումներն ու ձգտումները սահմանափակեցին: «Սակայն հակառակ այս...

Նախարարութիւններու Ստանձնումի  Հոլովոյթը Հասաւ Իր Աւարտին

Նախարարութիւններու Ստանձնումի Հոլովոյթը Հասաւ Իր Աւարտին

Նախարարութիւններուն միջեւ յանձնումի եւ ստանձնումի հոլովոյթը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ մշակոյթի, վարչական բարեկարգումի եւ ընկերային հարցերու նախարարները պաշտօնապէս ստանձնեցին իրենց պատասխանատուութիւնը: Մշակոյթի Նախարարութիւն Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա երէկ ստանձնեց իր նախարարութիւնը նախկին նախարար Ապպաս Մուրթատայէն, որ յայտնեց, թէ «Քորոնա»-ի համաճարակը պատճառ դարձած է, որ մշակութային մարզը պէտք եղած աշխուժութեամբ չշարունակէ իր աշխատանքը: Իր կարգին, Մոհամետ Մուրթատա ընդգծեց, որ նախարարութեան...

Իրանեան Մազութը Եւ Իրաքեան  Ֆիուլ Օյլը Հասան Լիբանան

Իրանեան Մազութը Եւ Իրաքեան Ֆիուլ Օյլը Հասան Լիբանան

Իրանեան նաւերուն փոխադրած մազութը, որ հասած էր Սուրիոյ Պանիաս նաւահանգիստը, երէկ հասաւ Լիբանան` սիթեռններու մէջ լեցուելէ ետք: Մազութ փոխադրող սիթեռններու երկար շարասիւն մը երէկ առաւօտեան հասաւ Լիբանան` Հերմելի Հաուշ Սէյիտ Ալի շրջան եւ ապա Պաալպեք: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտնեց, որ իրանեան մազութը ցամաքի ճամբով պիտի հասնի Լիբանան` մեղմացնելու համար Լիբանանի դիմագրաւած վառելանիւթի տագնապը: Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ...

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը  Պատրաստ Է Եւ Այսօր Պիտի Քննարկուի

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Պատրաստ Է Եւ Այսօր Պիտի Քննարկուի

Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբը երէկ իր գումարած երրորդ ժողովին ընթացքին աւարտեց այդ ծրագիրին մշակումը: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին վերջնականացաւ ծրագիրը: Տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդի անդրանիկ յայտարարութիւնը արդէն իսկ պատրաստ է եւ պիտի քննարկուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, կառավարութեան գումարելիք նիստին...

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Կազմութենէն Ետք  Մենք Կը Գտնուինք Տնտեսական Աշխատանիստի Մը  Դիմաց, Եւ Անիկա Մեզի Համար Կարեւորագոյնն Է»

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Կազմութենէն Ետք Մենք Կը Գտնուինք Տնտեսական Աշխատանիստի Մը Դիմաց, Եւ Անիկա Մեզի Համար Կարեւորագոյնն Է»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական կացութիւնը, ապրուստի տիրող տագնապալի վիճակն ու այդ իրավիճակէն դուրս գալու միջոցները: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրենք երկրին ամբողջական փլուզման մտավախութիւնը չունին` աւելցնելով, որ այս փուլին իրենք կը մղեն անդունդէն դուրս գալու պայքարը եւ յոյսով են,...

Նոր Նշանակուած Նախարարները  Շարունակեցին Ստանձնել  Իրենց Նախարարութիւնները

Նոր Նշանակուած Նախարարները Շարունակեցին Ստանձնել Իրենց Նախարարութիւնները

Նախարարութիւններուն միջեւ յանձնումի եւ ստանձնումի հոլովոյթը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ: Կը նախատեսուի, որ մինչեւ շաբաթավերջ նոր նշանակուած բոլոր նախարարները ստանձնած ըլլան իրենց նախարարութիւնները:  Տեղեկատուութեան Նախարարութիւն Տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Մանալ Ապտել Սամատէն, որ յայտնեց, թէ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը 41 ծրագիր իրագործած է: Ան անդրադարձաւ այդ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց նախարարութեան նուաճումները: Իր կարգին, Քըրտահի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 844 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւններն ու օրէնսդրական շարք մը հարցեր: Պըրրիի այցելեցին նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս եւ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար...

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի  Մշակումը Աշխուժ Թափով Կը Շարունակուի

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը Աշխուժ Թափով Կը Շարունակուի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբին երկրորդ նիստին: Ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի, արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշի-Ասաքեր, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար...

Նոր Նշանակուած Նախարարները  Ստանձնեցին Իրենց Նախարարութիւնները

Նոր Նշանակուած Նախարարները Ստանձնեցին Իրենց Նախարարութիւնները

Լիբանանի կառավարութեան գումարած անդրանիկ նիստէն անմիջապէս ետք նախարարութիւններու յանձնումի եւ ստանձնումի հոլովոյթը սկսաւ նախկին եւ նոր նշանակուած նախարարներուն միջեւ: Երկուշաբթի յետմիջօրէին սկսած այս հոլովոյթը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ եւ հաւանական է որ աւարտի այսօր: Ճարտարարուեստի Նախարարութիւն Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ առաւօտեան նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Իմատ Հուպալլայէն, որ ներկայացուց նախարարութիւնը ստանձնած ամբողջ ժամանակաշրջանին իր ունեցած գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Պուչիքեանին յանձնեց...

Պասիլ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Պասիլ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն` ներկայութեամբ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի, նախկին նախարար Նատա Պուսթանիի, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու բաժանմունքի անդամ Պաշիր Հատտատի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները` նոր կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ: Կրիօ շնորհաւորեց Լիբանանը` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ անհրաժեշտ բարեկարգումները...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 706 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Յորդանանի իր պաշտօնակից Այման Սաֆատիէն, որ յաջողութիւն մաղթեց Պու Հապիպին, անոր ստանձնած նոր պարտականութեան առիթով: Սաֆատի լիբանանցի իր պաշտօնակիցին յայտնեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին Լիբանանի...

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը Եւ Սկսաւ Մշակել Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը Եւ Սկսաւ Մշակել Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը`  նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նախքան նիստը գումարելը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն միացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Կարճ հանդիպումէն ետք իշխանութեան երեք պետերն ու նորակազմ կառավարութիւնը ուղղուեցան նախագահական պալատի պարտէզը` ստանալու համար պաշտօնական լուսանկարը: Ապա...

Նախագահ Աուն Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Նախագահ Աուն Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Նախագահ Աուն դրուատեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ճիգերը` սահմանային լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով, ինչպէս պատահած...

Լիբանան Մէկ Միլիառ Եւ 135 Միլիոն Տոլար Պիտի Ստանայ Միջազգային Դրամական Ֆոնտէն

Լիբանան Մէկ Միլիառ Եւ 135 Միլիոն Տոլար Պիտի Ստանայ Միջազգային Դրամական Ֆոնտէն

Ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտէն տեղեակ պահուած է, թէ հինգշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2021-ին շուրջ մէկ միլիառ եւ 135 միլիոն տոլար պիտի ստանայ` գումար վերցնելու յատուկ իրաւունքներու շրջագիծին մէջ: Ըստ Միջազգային դրամական ֆոնտին, մէկ միլիառ եւ 135 միլիոն տոլարը կը կազմեն Լիբանանի 2021-ի իրաւունքը, որ 860 միլիոն տոլար է, ինչպէս նաեւ 2009-ի իրաւունքը, որ 275 միլիոն տոլար է:...

Ճորճ Պուչիքեան. «Ժամանակն Է Աշխատանքի Եւ Ներկայ Կացութենէն Դուրս Գալու, Եւ Ոչ Թէ Քաղաքական Տարակարծութիւնները Շարունակելու»

Ճորճ Պուչիքեան. «Ժամանակն Է Աշխատանքի Եւ Ներկայ Կացութենէն Դուրս Գալու, Եւ Ոչ Թէ Քաղաքական Տարակարծութիւնները Շարունակելու»

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան շարունակեց Զահլէի իր բնակարանին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունիլ: Այս առիթով ան հաստատեց, որ ժամանակն է աշխատանքի եւ ներկայ կացութենէն դուրս գալու, եւ ոչ թէ քաղաքական տարակարծութիւնները շարունակելու: Ճ. Պուչիքեան նկատել տուաւ, որ ժամանակն է Լիբանանի զարթօնքին դրական շունչ ներարկելու, յատկապէս` ճարտարարուեստի արտադրողականութեան առումով: Ան ընդգծեց, որ իբրեւ ճարտարարուեստի մարզի աշխատողներ, իրենք միասնականութեամբ պիտի գործեն բարգաւաճումը ամրապնդելու նպատակով:...

Սէյիտ Նասրալլա. «Իրանեան Նաւթը Հինգշաբթի Օր Պիտի Փոխադրուի Պէյրութ, Եւ Չենք Փափաքիր Անկէ Շահեր Իրականացնել»

Սէյիտ Նասրալլա. «Իրանեան Նաւթը Հինգշաբթի Օր Պիտի Փոխադրուի Պէյրութ, Եւ Չենք Փափաքիր Անկէ Շահեր Իրականացնել»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան այդ նուաճումը իրագործելու մէջ: Ան նշեց, որ նորակազմ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանը փլուզումէն փրկել, բարեկարգումներ գործադրել, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին ապրուստը ապահովել: Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին մշակելու աշխատանքային ծրագիրը, որպէսզի կառավարութեան...

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը  Յուսախաբութիւն Յայտնեց Կառավարութեան Կազմին Մէջ Կին Ներկայացուցիչները Նկատի Չունենալէն

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Յուսախաբութիւն Յայտնեց Կառավարութեան Կազմին Մէջ Կին Ներկայացուցիչները Նկատի Չունենալէն

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ խորհուրդը կը մաղթէ, որ նորակազմ կառավարութիւնը կարենայ երկիրը ոտքի հանել եւ տիրող ապրուստի դժուար ու ծանր պայմաններուն եւ լիբանանցիներու տառապանքին լուծումներ գտնել: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը յուսախաբ է կառավարութեան կազմին մէջ կին ներկայացուցիչները նկատի չունենալէն, բացի մէկ նախարարութեան պարագային: Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ընդգծուի,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 484 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յայտարարեց, որ մարոնի եկեղեցին պաշտօնապէս վերադարձած է հաղորդութիւնը ուղղակի բերնէն տալու սկզբունքին` պահպանելու համար հինէն եկած այդ աւանդութիւնը: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շնորհաւորեց նորակազմ կառավարութիւնը եւ մաղթեց, որ անիկա հիմնական բարեկարգումներու...

Page 391 of 988 1 … 390 391 392 … 988

Արխիւներ