Նախագահ Աուն Պայտընէն Ստացաւ Նամակ Մը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ ամերիկացի ժողովուրդը ուրախ կ՛ըլլայ օժանդակելով բոլոր ժողովուրդներուն, որպէսզի անոնք ապահով, կայուն եւ բարգաւաճ կեանք մը ունենան: Պայտըն յայտնեց, որ ինք գոհունակ է այն իրականութենէն, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Լիբանան կը համագործակցին աշխարհին համար յոյսով լեցուն ապագայ մը կերտելու նպատակով: Պայտընի կեցուածքները...



















