Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Նախագահ Աուն Միքաթիէն իմացաւ վերջերս կազմուած նախարարական յանձնախումբերու նիստերուն արդիւնքները:
Միքաթի նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները, որոնց հիման վրայ պիտի կատարուին Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական իր տագնապէն դուրս բերելու բանակցութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններն ու ներկայացուցիչները, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակն ու երկրին կացութիւնը բարելաւելու նպատակով կառավարութեան մշակած ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեց օժանդակելու եւ զօրակցելու վարչապետ Միքաթիին, կառավարութեան մշակած ծրագիրին եւ այն ամէն ինչին, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքային ծրագիրով խոստացած է գործադրել:
Միքաթի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին:
Տիւքան Կը Գտնուի Լիբանան
«Սետր»-ի որոշումներու գործադրութեան համադրումը կատարող ֆրանսացի պատուիրակ Փիեռ Տիւքան հասած է Լիբանան եւ լուսարձակներէ հեռու հանդիպումներ կ՛ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ, որոնց կը ներկայացնէ տնտեսական բարեկարգումներ կատարելու ֆրանսական պահանջները:
Տիւքանի այցելութեան եւ անոր կեցուածքներուն մասին կարգ մը վստահելի աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, որ ան վարչապետ Միքաթիին պաշտօնապէս յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիա կը մերժէ դրական վարուելակերպ ցուցաբերել Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ` լիբանանեան հարցերէն ինքզինք զերծ կացուցելու Ռիատի դիտանկիւնէն մեկնելով:
Տիւքան նշած է, որ այդ կեցուածքը արտայայտուած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի կողմէ` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Կը նախատեսուի, որ Տիւքան տակաւին չորս օրուան համար մնայ Լիբանանի մէջ եւ շարունակէ հանդիպումներ ունենալ լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններու հետ:
Միւս կողմէ, սակայն, Տիւքան բացայայտ այցելութիւն մը տուաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Տիւքան շեշտեց, որ իր այցելութեան նպատակն է Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն օգտակար դառնալ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց բարեկարգումները գործադրելու եւ բարգաւաճում ապահովելու կարեւորութիւնը, իսկ քննարկումը կեդրոնացաւ հիմնական երեք թղթածրարներու շուրջ, որոնք են` նաւահանգիստը, օդակայանն ու փոխադրամիջոցները:
Պասիլ. «Ոչինչ Կ՛արդարացնէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Չկայացնելը»
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց կուսակցութեան մերժումը` ընտրական օրէնքին մէջ կատարուելիք էական բարեփոխումներուն:
Ան աւելցուց, որ ոչ մէկ արգելք կայ ընտրական օրէնքին վրայ գործնական կարգ մը բարեփոխումներ կատարելու իմաստով` աւելցնելով, որ 2018-էն արդէն իսկ ներկայացուցած են օրէնքը որոշ սրբագրութիւններու ենթարկելու օրինագիծ մը` նախքան ընտրական օրէնքին վաւերացումը:
Պասիլ մտավախութիւն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին պարագային կատարուելիք փոքր բարեփոխումները վերածուին ընտրական օրէնքը չեղեալ նկատելու կամ զայն ամբողջութեամբ փոփոխութեան ենթարկելու եւ կամ երեսփոխանական ընտրութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու առիթի:
«Առաջնահերթութիւնը ընտրական օրէնքը ինչպէս որ է պահելն եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելն է: Ոչինչ կ՛արդարացնէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին չկայացնելը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով արտերկրի լիբանանցիներուն` Պասիլ յայտնեց, որ անոնք 14 միլիոն լիբանանցիներ են, որոնք երկրորդ քաղաքացիներ չեն նկատուիր եւ ունին իրաւունքներ: «Տարիներու պայքարէ ետք արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք տրուեցաւ եւ անիկա ձեւով մը քաղաքացիական իրաւունք տալու համազօր էր: Այդ իրաւունքները տալու հոլովոյթը պէտք է շարունակուի եւ ոչ թէ արտերկրի լիբանանցիներուն տրուած իրաւունքը դարձեալ խլուի», շեշտեց Պասիլ:
Ան հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան իրաւունքը տրուած է եւ գործադրուած, հետեւաբար կարելի չէ ջնջել զայն: «Իսկ 16-րդ ընտրաշրջանին մէջ թեկնածութիւն առաջադրելու եւ ներկայացուելու իրաւունքը եւս վաւերացուած է: Անիկա ռազմավարական իմաստով շատ աւելի կարեւոր է եւ պէտք չէ անկէ հրաժարիլ, որովհետեւ նպատակը արտերկրի լիբանանցիներուն յաւելեալ դերակատարութիւն տալն է, ինչ որ կարելի է ապահովել խորհրդարանին մէջ զանոնք ներկայացնելիք երեսփոխաններուն միջոցով», ընդգծեց ան:
Պէյրութի Կառավարական Հիւանդանոցի Պաշտօնէութիւնը Մագլցողական Քայլերու Կը Դիմէ
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին պաշտօնէութիւնը նախանցեալ օր սկսաւ բողոքի ցոյցի մը, որ շարունակուեցաւ երէկ:
Հիւանդանոցին պաշտօնեաները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն` փակելով շտապ օգնութեան բաժանմունքը, իսկ այսօր պիտի փակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի կեդրոնը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ պաշտօնէութիւնը այս որոշումին յանգեցաւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի վարչութեան գումարած նիստին ընթացքին տրուած յուսախաբեցնող որոշումներուն լոյսին տակ:
Տիապը, Զաայթերը, Խալիլը Եւ Մաշնուքը Հարցաքննելու Նոր Թուականները Ճշդուած Են
Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար հետաքննութիւնը շարունակելու շրջագիծին մէջ երէկ ուղղուեցաւ իր գրասենեակը եւ հարցաքննութեան համար ճշդեց հետեւեալ նոր թուականները. 12 հոկտեմբեր 2021-ին` երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ, 13 հոկտեմբեր 2021-ին` նախկին նախարարներ Ղազի Զաայթեր եւ Նուհատ Մաշնուք, իսկ 28 հոկտեմբեր 2021-ին` նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ:
ՆՇԵՆՔ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արսալի մէջ գրաւած է 28.275 քկ ամոնիում նայթրէյթ, ինչպէս նաեւ ձերբակալած է լիբանանցի մը եւ երեք սուրիացիներ: