Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ. «Սիսի Մնայուն Կերպով Կը Յանձնարարէ Օժանդակել Լիբանանին» Շեշտեց Մատպուլի

October 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Մատպուլի շեշտեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի մնայուն կերպով կը յանձնարարէ օժանդակել Լիբանանին, յատկապէս երբ Լիբանան կը գտնուի ներկայ զգայուն եւ դժուար պայմաններուն մէջ:

Մատպուլի ողջունեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:

Իր կարգին, Ֆայեատ շեշտեց իր յանձնառութիւնը, որ Եգիպտոսը ըլլայ առաջին երկիրը, որ կ՛այցելէ նախարար նշանակուելէ ետք` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ Եգիպտոսի ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ջանքերը` օժանդակելու համար Լիբանանին:

Ֆայեատ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսին եւ անոր ղեկավարութեան` Լիբանանին օժանդակելու եւ զօրակցելու առիթով` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի ջանայ ամրապնդել լիբանանեան-եգիպտական գործակցութիւնը:

Ֆայեատ Մատպուլիին ներկայացուց նաեւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, որոնք կը վերաբերին եգիպտական կազը Լիբանան փոխադրելու` ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու նպատակով:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի ուժանիւթի նախարար Թարեք Մուլլա յայտնեց, որ դէպի Լիբանան ուժանիւթ մատակարարելու ուղեգիծը ճշդուած է: «Եգիպտոս պիտի փորձէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին իր աւարտին հասցնել եգիպտական կազը Լիբանան փոխադրելու գործառնութիւնները», ըսաւ Մուլլա:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը 27 Սեպտեմբերի Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

Յաջորդը

«Շուրջ 70 Միլիոն Տոլար Պիտի Ստանանք. Կը Մաղթեմ, Որ Ուսուցիչները Մեզի Հետ Բաժնեն Կրթական Տարեշրջանը Փրկելու Պատասխանատուութիւնը» Շեշտեց Հալապի

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.