ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 224 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բանակցութիւնները վերսկսած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ: Նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց յառաջդիմութիւն արձանագրելու այդ բանակցութիւններուն մէջ եւ յանգելու Լիբանանի տնտեսական ապաքինումը ապահովող յարմար ծրագիրի մը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց նախկին նախարար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ֆահմի յոյս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարուին, առանց յետաձգելու կամ ուշացնելու, որովհետեւ անիկա բոլոր լիբանանցիներուն պահանջն է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել` մասնակցութեամբ արտերկրի լիբանանցիներուն: Օքէյս հաստատեց նաեւ միջազգային դէտերու հսկողութեան կարեւորութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի խստիւ դատապարտեց ամերիկեան միջամտութիւնը լիբանանեան դատական իշխանութիւններու աշխատանքին, եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան այս իմաստով պաշտօնական կեցուածք մը որդեգրելու:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ կառավարութեան արտակարգ որոշումները պէտք է գործադրել` պահպանելու համար 2021-2022 կրթական տարեշրջանը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ ինք կը կասկածի միջազգային ընտանիքին պահանջած բարեկարգումները գործադրելու կառավարութեան կարողութեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնները լարուած չեն` աւելցնելով սակայն, որ իրենց միջեւ քաղաքական յստակ տարակարծութիւններ կան: Ան նշեց նաեւ, որ իրենք կառավարութեան գործունէութեան բաւարար ժամանակ պիտի ընծայեն` մատնանշելով հանդերձ սխալները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան բաւարար առիթ պիտի ընծայեն` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած լուրջ տագնապները: