Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց Նախարարութեան Գործունէութիւնը Բարելաւելու Նպատակով Մշակուած Ծրագիրները

October 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան հարցերն ու թղթածրարները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան գործունէութիւնը բարելաւելու նպատակով մշակուած ծրագիրները:

Հանդիպումէն ետք Շարաֆէտտին յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է տնտեսական-ելեւմտական որոշ հարցեր, ինչպէս նաեւ հիմնական հարց մը, որն է գաղթականներու հարցերու նախարարութեան վերածումը գիւղական շրջաններու բարգաւաճման նախարարութեան:

Շարաֆէտտին յայտնեց, որ նման նախարարութեան մը գոյութիւնը այս ժամանակաշրջանին շատ կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիները իրենց գիւղաքաղաքներուն մէջ պահել` դիմադրելով արտագաղթի հսկայ ալիքին, որ ստեղծուած է տնտեսական տագնապին պատճառով եւ որ կը ճնշէ քաղաքացիներու հոգեկան վիճակին վրայ:

Շարաֆէտտին հաստատեց, որ գիւղական շրջաններու բարգաւաճման աշխատանքը կարեւոր է, եւ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է նաեւ երկրագործութեան, հանրօգուտ շինութեանց, ճարտարարուեստի, կենսոլորտի եւ այլ նախարարութիւններու:

Ան նշեց, որ գաղթականներու հարցերու նախարարութիւնը գիւղական շրջաններու բարգաւաճման նախարարութեան վերածելու իմաստով ինք զօրակցութիւն ապահոված է եւ վարչապետ Միքաթիին ու նախարարներուն հետ պիտի աշխատի այդ իմաստով գործնական քայլերու դիմել:

Շարաֆէտտին յայտնեց, որ գաղթականներու հարցերու նախարարութեան մօտ անլոյծ մնացած կարգ մը թղթածրարներ պիտի փոխանցէ ընկերային հարցերու նախարարութեան հովանիին տակ գործող վարչական կազմին` նկատել տալով, որ իւրաքանչիւր թղթածրար իր իւրայատկութիւնը ունի, եւ ինք բարին կը յուսայ եւ կը մաղթէ:

«Բոլորը լաւ գիտեն գաղթականներու հարցերու նախարարութեան պարզած իրավիճակը, եւ այդ մասին նկատել տուի նախագահ Աունին, ինչպէս նաեւ պիտի յանձնեմ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ուշադրութեան, որպէսզի Եւրոպական Միութեան կամ Միջազգային դրամական ֆոնտին յատկացումներէն կարելի ըլլայ տրամադրել` փակելու համար բոլոր թղթածրարները», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պասիլական-շուէյրիական միաբանութեան աբբահայր Պեռնար Թումա` ներկայութեամբ երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ընկերային մարզը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ միաբանութեան դիմագրաւած դժուար պայմանները:

Նախորդը

Վերադատ Ատեանը Մերժեց Դատախազ Պիթարը Նաւահանգիստի Պայթումի Հետաքննութեան Պատասխանատուութենէն Զերծ Կացուցելու Պահանջը

Յաջորդը

Ալիեւ. «Եթէ Մեր Դէմ Որեւէ Սադրանք, Յայտարարութիւն Կամ Գործողութիւն Ըլլայ, Մենք Պիտի Ջարդենք Ձեր Գլուխը»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.