Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուրջ 70 Միլիոն Տոլար Պիտի Ստանանք. Կը Մաղթեմ, Որ Ուսուցիչները Մեզի Հետ Բաժնեն Կրթական Տարեշրջանը Փրկելու Պատասխանատուութիւնը» Շեշտեց Հալապի

October 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կրթութեան Խորհրդարանական
Յանձնախումբի Նիստ

Կրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Մոհամետ Նասրալլա, Էտկար Թրապուլսի, Ալի Խրէյս, Ալի Ֆայեատ, Իհապ Համատէ, Ֆարիտ Պուսթանի եւ Անթուան Հապշի:

Նիստին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ քննարկուելիք հիմնական օրակարգն է յառաջիկայ կրթական տարեշրջանի փրկութիւնը: «Այս շրջագիծին մէջ քննարկուեցան ուսուցիչներուն պահանջներն ու Լիբանանեան համալսարանի վերամուտին վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ նախարար Հալապի ունեցաւ դրական հաղորդակցութիւններ, որոնք կրնան առիթ ստեղծել ընդառաջելու այդ պահանջներուն եւ վերամուտը սկսելու կրթութեան նախարարութեան ճշդած թուականին: Կրթութեան մարզին զօրակցելու իմաստով համագործակցութեան իսկական մթնոլորտ գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կրթութեան մարզը` պետական թէ սեփական առումով, լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով սակայն, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի 2021-2022 կրթական տարեշրջանը փրկելու:

Հալապի հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններն ու Միջազգային դրամատունը շուրջ 70 միլիոն տոլար պիտի տրամադրեն ուսուցիչներուն` մաղթելով, որ ուսուցիչները նախարարութեան հետ բաժնեն կրթական տարեշրջանը փրկելու պատասխանատուութիւնը:

Նշենք, որ Հալապի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ պետական դպրոցներու վերամուտը 11 հոկտեմբերին է, եւ գործակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին` վերամուտն ու կրթական տարեշրջանը հեզասահ կերպով անցընելու:

 

 

Նախորդը

Գահիրէի Մէջ. «Սիսի Մնայուն Կերպով Կը Յանձնարարէ Օժանդակել Լիբանանին» Շեշտեց Մատպուլի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումները Գործադրելու Նպատակով` Լիբանան Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Հաղորդակցութեան Սկսաւ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.