Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ Սուրիա Այցելելու Կոչ Կ՛ուղղէ Վարչապետ Միքաթիին

October 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա` գործակցութեամբ Ռուսիոյ եւ իր դաշնակիցներուն, մտադրած է ազատագրել իր բռնագրաւուած բոլոր հողերը:

Ան հաստատեց, որ այս իմաստով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «խեղդուած» վիճակի մէջ կը գտնուի:

Ուահապ կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին Սուրիա այցելելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի գործունէութիւնը անմիջապէս վերաշխուժացնելու:

«Վարչապետ Միքաթի պէտք է Սուրիոյ հետ համագործակցի` կենսական եւ ոչ կենսական թղթածրարներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ ան պէտք է Ծոցի երկիրներուն դռները թակէ, նոյնիսկ եթէ անոնք փակ են», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան տագնապի լուծման մասին Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւններուն` Ուահապ յայտնեց, որ այդ բանակցութիւնները պատճառ պիտի դառնան, որ ելեկտրականութեան սակը սղի եւ համազօր դառնայ ելեկտրածին շարժակներու բաժանորդագրութեամբ ստացուած ելեկտրական հոսանքի սակին:

Փոխադրութեան մարզին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ուահապ կոչ ուղղեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէին որդեգրելու նախկին նախարար Ղազի Արիտիի պատրաստած ծրագիրը, որ մեծաւ մասամբ կրնայ լուծել երկրին երթեւեկին եւ հանրային փոխադրութեան հարցը:

Ուահապ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կան երկու հզօր անձնաւորութիւններ` աւելցնելով, որ անոնք են Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին քաղաքական անկիւնադարձային որոշումներուն պարագային անսխալական է: Ուահապ աւելցուց, որ եթէ Պըրրի դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրէ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին, ապա Հըզպալլա պիտի զօրակցի անոր:

Միւս կողմէ, Ուահապ այցելեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, որուն հետ քննարկեց տիւրզի համայնքին վերաբերող հարցերն ու Լեռնալիբանանի իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Վաղը Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.