Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումները Գործադրելու Նպատակով` Լիբանան Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Հաղորդակցութեան Սկսաւ»

October 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ պետական նախարար Նիլզ Անենը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ հաղորդակցութեան սկսած է` բարեկարգումները գործադրելու նպատակով:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ Լիբանան սկսած է նաեւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները ենթարկելու իրաւական հաշուեքննութեան, կառավարութեան աշխատանքի աշխուժացման, ելեկտրականութեան մարզի բարգաւաճման եւ Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման, որուն պարագային ան հաստատեց, որ Գերմանիոյ կողմէ մատուցուելիք որեւէ թեքնիք օժանդակութիւն ողջունելի է:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի` բացայայտելու համար անոր դրդապատճառները:

Իր կարգին, Անեն նշեց, որ Գերմանիա կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` աւելցնելով լիբանանեան-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` բոլոր մարզերուն մէջ:

Անեն հաստատեց, որ Գերմանիա ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանին` երկրին կառավարութեան կազմութենէն ետք: Ան նկատել տուաւ, որ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին, ինչպէս նաեւ պիտի գործակցի անոր կառավարութեան հետ` ապահովելու համար Լիբանանի կայունութիւնն ու բարգաւաճումը:

Գերմանացի նախարարը այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի:

 

 

Նախորդը

«Շուրջ 70 Միլիոն Տոլար Պիտի Ստանանք. Կը Մաղթեմ, Որ Ուսուցիչները Մեզի Հետ Բաժնեն Կրթական Տարեշրջանը Փրկելու Պատասխանատուութիւնը» Շեշտեց Հալապի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Հաղորդակցութեան Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.