Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Կը Յայտարարէ Ելեկտրականութեան Ցանցի Մասնակի Քայքայումը, Իսկ Ֆայեատ Մօտիկ Ապագային Կ՛այցելէ Եգիպտոս Եւ Յորդանան

Հոկտեմբեր 4, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ելեկտրականութեան ցանցը մասնակի կերպով քայքայուած է ֆիուլ օյլի անհամաչափ գործածութեան եւ ելեկտրական հոսանքի անհամաչափ քանակի եւ անկայուն արտադրութեան պատճառով:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ ելեկտրականութեան ընկերութիւնները բանեցնելու այս դժուար պայմաններուն լոյսին տակ ելեկտրականութեան ցանցը կրնայ ամբողջովին քայքայուիլ եւ անոր վերակառուցումը կրնայ անկարելի դառնալ:

Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Գահիրէ եւ Ամման` շարունակելով հետապնդել Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ ստորագրուած համաձայնագիրին գործադրութիւնը, որուն հիման վրայ նշեալ զոյգ երկիրներէն կազ եւ ելեկտրական հոսանք պիտի մատակարարուի Լիբանանին:

Մինչ Լիբանան նման պայմաններ կ՛ապրի, երկրին նկատմամբ միջազգային զօրակցութեան յայտարարութիւնները կը  շարունակուին: Այդ շրջագիծին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան կը հաստատէ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր քայլ մըն է, եւ որ Լիբանանի կառավարութիւնը անկախ եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւններ պէտք է կազմակերպէ, իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել կը շեշտէ, որ իրենք Լիբանանի մէջ գաղտնի օրակարգեր չեն հետապնդեր` ընդգծելով, որ իրենց նպատակը լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցութիւնն է:

Նախորդը

Ամերիկեան Քոնկրեսի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կը Դրուատէ Պիթարի Պարկեշտութիւնը

Յաջորդը

Ալիեւ «Պատշաճ Պատասխան» Խոստացած Է Հայաստանի Կողմէ Ականապատ Տարածքներու Քարտէսները Յանձնելու Պարագային

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?