Լիբանանեան

Պըրրի Շնորհաւորական Հեռագիրներ Յղեց  Նախագահներ Ասատի Եւ Սիսիի

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին, Եւ Խորհրդարանի Նստաշրջանը Պիտի Չերկարաձգուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հաղորդակցութիւն մը ունեցած է եւ շեշտած, որ պէտք է կառավարութեան աշխատանքը արագացնել` աւելցնելով, որ Միքաթիի կառավարութեան գործունէութիւնը մէկէն մէկուկէս ամսուան միջեւ կը տարուբերի: Ան նշեց, որ խորհրդարանին աշխատանքը դեկտեմբերի սկիզբէն գրեթէ առկախուած կ՛ըլլայ, նախ` տօներուն առիթով եւ ապա երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման թուականին եւ թեկնածուներուն կողմէ իրենց ընտրական...

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները եւ քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւնները կը փափաքին ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել` աւելցնելով, որ չկայ քաղաքական ուժ մը, որ կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել եւ ներկայ խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգել: Ան յայտնեց, որ Հըզպալլա...

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները  Շատ Աւելի Ամուր Են, Քան Արտաքին Ճնշումները»  Շեշտեց Խաթիպզատէ

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները Շատ Աւելի Ամուր Են, Քան Արտաքին Ճնշումները» Շեշտեց Խաթիպզատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան, յայտնեց, որ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները շաւ աւելի ամուր են, քան արտաքին ճնշումները` աւելցնելով, որ անոնք երրորդ կողմի մը քմահաճոյքէն կախեալ չեն: Խաթիպզատէ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն փափաքն է երկկողմանի յարաբերութիւնները ընդարձակել` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդակցութիւններուն նպատակն է...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 202 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ: ՎՃՌԱԲԵԿ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ժանեթ Հաննա մերժեց երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլի եւ Ղազի Զաայթերի առաջարկը, որ կը վերաբերի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարը այդ պատասխանատուութենէն զերծ կացուցելուն: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց...

Ֆայեատի Ջանքերով Ելեկտրականութեան  Ցանցը Իր Բնական Աշխատանքին Վերսկսած Է

Ֆայեատի Ջանքերով Ելեկտրականութեան Ցանցը Իր Բնական Աշխատանքին Վերսկսած Է

Շաբաթ կէսօրին յայտարարուեցաւ, որ երկրին ելեկտրականութեան ցանցը բանելէ կանգ առած է: Պաշտօնական աղբիւրներ նշեցին, որ կազ օյլի չգոյութեան պատճառով Զահրանիի եւ Տէյր Աամարի ելեկտրակայաններու աշխատանքի դադրելուն պատճառով ամբողջ Լիբանանը մատնուած է խաւարի: Սակայն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի ջանքերով կիրակի յետմիջօրէին, գրեթէ 24 ժամ ետք, յայտարարուեցաւ, որ ելեկտրականութեան ցանցը իր բնական աշխատանքին վերսկսած է: Այս առիթով Ֆայեատ շնորհակալութիւն...

Ապտալլա Բ. Թագաւորը Կը Վերահաստատէ  Յորդանանի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Ապտալլա Բ. Թագաւորը Կը Վերահաստատէ Յորդանանի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ շաբաթավերջին անձնական այցելութեամբ մեկնած էր Յորդանան, երէկ Ամմանի մէջ ընդունուեցաւ Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւնը ընդարձակելու գործիքակազմերը: Ապտալլա Բ. թագաւորը վերահաստատեց Յորդանանի զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ լիբանանցի ժողովուրդին: Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը քննարկելու շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց քաղաքական լուծումներ ապահովելու ջանքերը:...

«Պատրաստ Ենք Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն  Տրամադրելու Լիբանանին` Կառավարութեան Պահանջով»  Շեշտեց Ապտոլլահեան

«Պատրաստ Ենք Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն Տրամադրելու Լիբանանին` Կառավարութեան Պահանջով» Շեշտեց Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամի Ապտոլլահեան հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանան կատարած իր այցելութեան` հաստատելով, որ Իրան պատրաստ է ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին, հակառակ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն: «Հակառակ մեր վրայ բանեցուած տնտեսական շրջափակումին եւ ճնշումներուն, մենք պատրաստ ենք օժանդակել Լիբանանին, սակայն պայմանով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մեզմէ օժանդակութիւն պահանջէ: Մենք Լիբանանին օժանդակութիւնները պիտի տրամադրենք ամբողջութեամբ յարգելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը,...

«Բանակն Է Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Երաշխիքը,  Այլապէս` Միլիսները Վերստին Իրենց  Տիրապետութիւնը Կը Բանեցնեն»   Շեշտեց Զօր. Աուն

«Բանակն Է Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Երաշխիքը, Այլապէս` Միլիսները Վերստին Իրենց Տիրապետութիւնը Կը Բանեցնեն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպայակոյտին եւ տարբեր զօրամասերու պետերուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ կացութեան, յատկապէս տնտեսական իրավիճակին վատթարացման: Զօր. Աուն դրուատեց բանակայիններուն ջանքերը եւ երկրին կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով անոնց ստանձնած պարտականութիւնները լրիւ կատարելու յանձնառութիւնը` հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն: «Այսօր աւելի քան երբեք Լիբանան մեր...

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարի Քաղաքական Հարցերով Տեղակալի  Պաշտօնին Առաջադրած Է Նուլընտի Թեկնածութիւնը

Վիքթորիա Նուլընտ Պիտի Այցելէ Լիբանան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նուլընտ երկուշաբթի օր պիտի մեկնի Մոսկուա, ուրկէ պիտի ուղղուի Պէյրութ: Կը նախատեսուի, որ ուրբաթ, 15 հոկտեմբեր 2021-ին Նուլընտ հասնի Լիբանան, ուրկէ ան պիտի մեկնի Լոնտոն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Նուլընտ Պէյրութի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն եւ լիբանանեան իշխանութեան հետ` քննարկելու համար բարեկարգումներու գործադրութիւնն ու...

«Այսօրուընէ Կոչ Կ՛ուղղենք Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Հոլովոյթին Լիբանանեան  Եւ Միջազգային Հսկողութեան»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Այսօրուընէ Կոչ Կ՛ուղղենք Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Հոլովոյթին Լիբանանեան Եւ Միջազգային Հսկողութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ իրենք կը վստահին կառավարութեան, յատկապէս վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որ հաստատեց, որ իր կառավարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ շրջանցելու համար Լիբանանի դէմ ծառացած բոլոր դժուարութիւնները` ըլլան անոնք մօտիկներու կողմէ, թէ հեռաւորներու: «Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը անմիջապէս պիտի սկսի գործադրելու բարեկարգումները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 619 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները երկու կամ երեք շաբաթ ետք պիտի սկսին` աւելցնելով, որ ինք ուսուցիչներու պահանջներուն գործադրութիւնը պիտի հետապնդէ: ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ վաղը` երեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական...

Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ,  Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Բարեկարգումները  Գործադրելու Խոստումը Կը Շարունակուի Պարտադրուիլ

Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ, Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Բարեկարգումները Գործադրելու Խոստումը Կը Շարունակուի Պարտադրուիլ

Մինչ լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ` ամերիկեան մէկ տոլարին սակը 19,600 լ. ոսկիի հասնելով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յորդանան: Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան հսկող ֆրանսացի պատուիրակ Փիեռ Տիւքանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Տիւքան շեշտեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները արագացնելու...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Վարչապետ  Միքաթին Եւ Մաուլաուին

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին Եւ Մաուլաուին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն ընկերակցեցան նախարարներ Հանրի Խուրի, Ժորժ Քըրտահի, Ուալիտ Նասսար եւ Ճոնի Քըրըմ: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը` աւելցնելով, որ անկէ օրհնութիւն խնդրած է, որովհետեւ ամէնօրեայ դրութեամբ այդ օրհնութեան կարիքը կայ: Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը ընթացած է...

«Իրան Ամբողջական Յարգանք Կը Տածէ Լիբանանեան  Գերիշխանութեան Նկատմամբ Եւ Կը Փափաքի  Ամէն Իմաստով Զօրակցիլ Երկրին»  Շեշտեց Ապտոլլահեան

«Իրան Ամբողջական Յարգանք Կը Տածէ Լիբանանեան Գերիշխանութեան Նկատմամբ Եւ Կը Փափաքի Ամէն Իմաստով Զօրակցիլ Երկրին» Շեշտեց Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, լիբանանցի իր պաշտօնակիցին, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին եւ պաղեստինեան խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ: Այդ առիթով Ապտոլլահեան իրանեան դեսպանատան մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ Իրան ամբողջական յարգանք կը տածէ լիբանանեան գերիշխանութեան նկատմամբ եւ կը փափաքի...

Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւններու  Չորրորդ Նիստը Աւարտեցաւ.  Հինգերորդը` 2 Դեկտեմբերին

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին. Բանակը ՄԱԿ-էն Պահանջեց Իսրայէլի Վրայ Խիստ Ճնշում Բանեցնել

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու պատուիրակութեանց, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ լիբանանեան կողմը դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ գործադրուող...

«Իրան Մնայուն Կերպով  Պիտի Զօրակցի Լիբանանին»   Շեշտեց Ապտոլլահեան

«Իրան Մնայուն Կերպով Պիտի Զօրակցի Լիբանանին» Շեշտեց Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը զօրակցի շրջանին մէջ գտնուող երկիրներուն, յատկապէս արաբական երկիրներուն միջեւ մերձեցման եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով իրագործուող Իրանի ջանքերուն: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ նման երկխօսութիւն մը կրնայ տարբեր հարցերու առնչութեամբ բոլորին տեսակէտները իրարու մօտեցնել: Նախագահ...

Նախարար Ֆայեատ. «Իրենց Դռները Փակ  Պահած Վառելանիւթի Կայարանները Պիտի Պատժուին»

Նախարար Ֆայեատ. «Իրենց Դռները Փակ Պահած Վառելանիւթի Կայարանները Պիտի Պատժուին»

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ ցաւ յայտնեց, որ երկրէն իր բացակայութեան ընթացքին Լիբանանի տարածքին գործող մեծ թիւով պենզինի կայարաններ նախանցեալ օր փակած են իրենց դռները եւ վառելանիւթ չեն յանձնած քաղաքացիներուն` վառելանիւթի նոր սակացոյցի չգոյութիւնը պատճառաբանելով: Ֆայեատ հաստատեց, որ ինք կը ցաւի կայարաններուն կողմէ առնուած այս քայլին համար, որ քաղաքացիներու շահերուն հետ կը հակադրուի եւ ուղղակի շանթաժ ու օրինազանցութիւն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 519 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ ինք ընտրական օրէնքին միջամուխ պիտի չդառնայ` աւելցնելով, որ այդ օրէնքին բարեկարգումները կը վստահի խորհրդարանին: «Կ՛ընդգծենք, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը անաչառ է այս իմաստով եւ անկողմնակալ կերպով պիտի կազմակերպէ ընտրութիւնները», ըսաւ...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է  50 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնելու Նաւահանգիստի  Պայթումէն Տուժածներուն

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է 50 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնելու Նաւահանգիստի Պայթումէն Տուժածներուն

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Կառավարութիւնը քննարկեց 10 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, իսկ նիստէն բացակայեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ` ճամբորդութեան պատճառով: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի շեշտած է, թէ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի բոլոր հարցերը լուծելու` աւելցնելով, որ իրենք...

Նախագահ Աուն «Լիբանանեան Արժանեաց  Ոսկեայ Շքանշան» Ընծայեց  Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակակիր  Արտեմ Փաթափութեանին

Նախագահ Աուն «Լիբանանեան Արժանեաց Ոսկեայ Շքանշան» Ընծայեց Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան» ընծայեց բժշկութեան ոլորտին մէջ 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին արժանացած ամերիկաբնակ լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեանին: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայ գիտնականը, որ մրցանակին արժանացած է ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ժամանակ իր կատարած իւրայատուկ բացայայտումներուն համար: «Այս իրադարձութիւնը հպարտութիւն է իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, ինչպէս նաեւ գնահատանք է ձեր գիտական երկարատեւ հետազօտութիւններուն, որոնք...

Page 385 of 988 1 … 384 385 386 … 988

Արխիւներ