Լիբանանեան

Դրամատուներու Միութիւն. «Կը Մերժենք  Պաշտօնեաներուն Եւ Մասնաճիւղերուն  Վրայ Յարձակումները»

Դրամատուներու Միութիւն. «Կը Մերժենք Պաշտօնեաներուն Եւ Մասնաճիւղերուն Վրայ Յարձակումները»

Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խիստ մերժելի են դրամատուներուն եւ դրամատուներու պաշտօնեաներուն վրայ ծրագրաւորուած յարձակումները, որոնք կը կատարուին երկու տարիէ ի վեր: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ յարձակումները իբրեւ թէ կը կատարուին պահ դրուած գումարներ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով: Դրամատուներու միութիւնը հաստատեց, որ ինք կազմաւորուած իշխանութիւն չի ներկայացներ, այլ` պարզապէս կը գործադրէ այն շրջաբերականները, որոնք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 529 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ՖԻՆԻՒԼ-Ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի շաբաթավերջին յայտնեց, որ ուրբաթ գիշեր Սատտանէ լերան վրայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ առեւանգուած լիբանանցի հովիւը ազատ արձակուած է եւ Լիբանան վերադարձած: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ հատուցման քարտը ընտրական քարտ չէ` աւելցնելով,...

Պաապտայի Մէջ.   «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Կազատարը  Փոքր Նորոգութիւններու Կարիք Ունի`  Վերստին Գործելու Համար»  Շեշտեց Նասրի Խուրի

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Կազատարը Փոքր Նորոգութիւններու Կարիք Ունի` Վերստին Գործելու Համար» Շեշտեց Նասրի Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ բարելաւելու միջոցները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ նախապէս գումարուած նիստերուն արդիւնքները եւ անոնց գործադրութեան հետեւելու անհրաժեշտութիւնը: Խուրի նշեց, որ լիբանանեան-սուրիական թեքնիք յանձնախումբը Լիբանան-Սուրիա կազատարը ստուգած է: «Լիբանանի եւ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Շնորհակալութիւն  Յայտնեց Նախագահ Աունին`  Անոր Զօրակցութեան Համար

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Շնորհակալութիւն Յայտնեց Նախագահ Աունին` Անոր Զօրակցութեան Համար

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց` նախարարի պաշտօնը ստանձնած ընթացքին անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան նախագահ Աունին յանձնեց տեղեկագիր մը` նախարարութեան մէջ իր իրագործած աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նախարարութեան արդի կանոնագիրն ու անոր գործադրութեան ուղեգիծը, երիտասարդական խորհրդարանի մը կազմութեան նախագիծը, որ կարեւոր ծրագիր մըն է եւ որուն...

Վարչապետարանին Մէջ.   «Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներէն Աւելի Քան  70 Միլիոն Տոլար Նուիրատուութիւն Գոյացած Է`  Կրթական Մարզին Համար»  Յայտնեց Հալապի

Վարչապետարանին Մէջ. «Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներէն Աւելի Քան 70 Միլիոն Տոլար Նուիրատուութիւն Գոյացած Է` Կրթական Մարզին Համար» Յայտնեց Հալապի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որ յատկացուած էր աշակերտներուն ապահով վերամուտ ապահովելու: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն պահանջները: Ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան...

Ճորճ Պուչիքեան Այցելեց  Ճարտարարուեստի Հետազօտական Հիմնարկ

Ճորճ Պուչիքեան Այցելեց Ճարտարարուեստի Հետազօտական Հիմնարկ

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ այցելեց Ճարտարարուեստի հետազօտական հիմնարկ` ընդառաջելով հիմնարկի տնօրէն Պասսամ Ֆըրընի հրաւէրին: Պուչիքեանի ընկերակցեցան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաուն եւ Յատկանիշներու ու չափանիշներու լիբանանեան հաստատութեան` «Լիպնոր»-ի ընդհանուր տնօրէն Լինա Տըրղամ, ինչպէս նաեւ հիմնարկի տարբեր բաժանմունքներուն տնօրէնները: Ճ. Պուչիքեան այցելեց նաեւ հիմնարկին աշխատանոցները եւ մանրամասն բացատրութիւններ լսեց Ճարտարարուեստի հետազօտական հիմնարկին սարքաւորումներուն մասին: Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ այս հիմնարկը...

Ֆայեատ Շիայի Հետ Քննարկեց Ուժանիւթի  Մարզին Առումով Միացեալ Նահանգներու  Ցուցաբերած Օժանդակութիւնը

Ֆայեատ Շիայի Հետ Քննարկեց Ուժանիւթի Մարզին Առումով Միացեալ Նահանգներու Ցուցաբերած Օժանդակութիւնը

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին ամերիկեան օժանդակութիւնները, յատկապէս` ուժանիւթի մարզին մէջ: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Ֆայեատ Շիային ներկայացուց այն հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, որոնք կատարուած են Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարներուն...

Պու Հապիպ Նամակ Մը Ստացաւ  Իտալացի Իր Պաշտօնակիցէն

Պու Հապիպ Նամակ Մը Ստացաւ Իտալացի Իր Պաշտօնակիցէն

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերին, որմէ ստացաւ իտալացի իր պաշտօնակիցէն` Լուիճի տի Մայոյէն նամակ մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կացութիւնն ու սահմանագծումին վերաբերող հարցեր: Պոմպարտիերի Պու Հապիպին ներկայացուց մարդասիրական ու բարգաւաճման այն ծրագիրները, որոնք Իտալիոյ կողմէ...

Խասաունէ Յորդանանի Ամբողջական  Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Խասաունէ Յորդանանի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէ, որ նախանցեալ գիշեր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Խասաունէի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Ապտել Ռահման Ժաֆալ Հատիտը: Խասաունէ Յորդանանի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Յորդանանի վարչապետ Խասաունէն, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց իր խոր յարգանքը այն իւրայատուկ ակնարկին, որ...

Նախագահ Աուն «Լազարտ» Ընկերութենէն Պահանջեց  Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները  Վերսկսելու Առնչութեամբ Խորհրդատուութիւնը Շարունակել

Նախագահ Աուն «Լազարտ» Ընկերութենէն Պահանջեց Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները Վերսկսելու Առնչութեամբ Խորհրդատուութիւնը Շարունակել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց միջազգային խորհրդատուութեան «Լազարտ» ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ֆրանսուա Խայեաթ, Քզավիէ Աթիէ եւ Թոմաս Լամպըրթ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց խորհրդատուութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները վերսկելու շրջագիծին մէջ: Նախագահ Աուն ընդգծեց տնտեսական տագնապի լուծման նպատակով նախորդ կառավարութեան պատրաստած «Տնտեսական ապաքինում»-ի ծրագիրը սերտելու եւ անոր բովանդակած...

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Դիմագրաւած  Ընկերային Տագնապալի Իրավիճակին Հիմնական  Պատճառներն Են Փտածութիւնն Ու Լիբանանը Շրջանային  Պատերազմներու Մեղսակից Դարձնելը»

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Դիմագրաւած Ընկերային Տագնապալի Իրավիճակին Հիմնական Պատճառներն Են Փտածութիւնն Ու Լիբանանը Շրջանային Պատերազմներու Մեղսակից Դարձնելը»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այցելեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր ընդունուեցաւ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի, ինչպէս նաեւ խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ընկերային արդարութիւնը չի նշանակեր, որ բոլոր մարդ արարածները իրարու հաւասար են` աւելցնելով, որ Աստուած մարդիկը իրարմէ տարբեր ստեղծած է: «Անկարելի է, որ բոլորը նոյն դասակարգի մարդիկ ըլլան, սակայն իբրեւ մարդ արարածներ բոլորը հաւասար...

Եաթերի Մէջ.   Հըզպալլա Վար Առած Է Իսրայէլեան  Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Եաթերի Մէջ. Հըզպալլա Վար Առած Է Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Հըզպալլայի կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դիմադրութեան մարտիկները երէկ` 30 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 13:55-ին, հարաւային Լիբանանի Եաթեր շրջանին մէջ վար առած են իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը:  

Պայրամ. «Կը Փորձենք Արագօրէն Աշխատիլ` Բարելաւելու Համար Սեփական Մարզին Աշխատավարձը»

Պայրամ. «Ապրուստի Սղաճին Համեմատութիւնը Ճշդող Յանձնախումբի Ճիգերուն Շնորհիւ Կարելի Պիտի Ըլլայ Սեփական Մարզի Աշխատավարձերու Արագ Յաւելում Ապահովել»

Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ժամանակ կորսնցնելու առիթ չունի` աւելցնելով, որ նախորդ 13 ամիսներուն անիշխանութիւնը ներկայ կառավարութեան բեռը կ՛աւելցնէ եւ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնէ: Պայրամ շեշտեց, որ ապրուստի սղաճին համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին ճիգերուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ սեփական մարզի աշխատավարձերու արագ յաւելում, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն աշխատանքի առիթներ ապահովել:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 621 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ: ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կասեցնելու առնչութեամբ եւ հաստատեց, որ լիբանանցիները իրաւունք ունին իմանալու ճշմարտութիւնը: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանէն խնդրեց Նիհայի ոստիկանատունէն փախուստ...

Զօրակցական Դրական Նախանշաններու Լոյսին Տակ.  Կառավարութիւնը Կը Սկսի Խոստմնալից Քայլերով`  Դէպի Բնականոն Կեանքի Վերահաստատման

Զօրակցական Դրական Նախանշաններու Լոյսին Տակ. Կառավարութիւնը Կը Սկսի Խոստմնալից Քայլերով` Դէպի Բնականոն Կեանքի Վերահաստատման

Երկարատեւ սպասումէ ետք կազմուած կառավարութիւնը ժամանակին հետ մրցելով լծուած է խոստմնալից քայլերու գործադրութեան, ինչ որ կրնայ զարկ տալ իր գործունէութեան ամէնէն տարրական գործօնին` ժողովուրդին մօտ վստահութեան վերահաստատման: Այս ծիրին մէջ կարեւոր նախաքայլ մըն էր երէկ կառավարութեան անդրանիկ նիստը, որուն աւարտին յայտարարուած որոշումները գոհունակութեան դրական մթնոլորտ ստեղծեցին քաղաքացիներուն մօտ: Արդարեւ, քաղաքացիներու տարրական կարիքները հոգալու ծիրին մէջ որոշուեցաւ մինչեւ այս տարեվերջ երկարաձգել...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ որոշումով «Քորոնա»-ի պատճառով որդեգրուած արտակարգ միջոցառումները կ՛երկարաձգուին մինչեւ ընթացիկ տարեվերջ: ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ, ՈՐ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի այսօր իր գրասենեակին մէջ ընդունի Լիբանանի մօտ  ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գրասենեակի տնօրէն Եոքի Մոքիոն` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ինայա Իզզէտտինի: ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ պատճառով դարձեալ միջադէպ պատահած է Սաատնայէլ շրջանին մէջ. անիկա զարգանալով վերածուած է փոխադարձ զինարձակումի: Բանակային ուժեր միջամտած եւ քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ: ՀԱՐԻՐԻ հիւանդանոցի...

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, հոկտեմբեր 30-էն 31 լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանանի մէջ պիտի սկսի գործադրուիլ ձմեռնային ժամանակացոյցը: Հետեւաբար պէտք է ժամացոյցին սլաքները մէկ ժամ ետ տանիլ:  

Այն Թինէի Մէջ.   «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Յետաձգելու Նպատակ Չկայ»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Այն Թինէի Մէջ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Յետաձգելու Նպատակ Չկայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի գումարէ իր նիստը, նախագահական պալատին մէջ: Միւս կողմէ, կէսօրուան ժամը 1:00-ին նախատեսուած են երկու բողոքի ցոյցեր, որոնցմէ մէկը պիտի կատարուի Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց` 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքներուն կողմէ, իսկ միւսը` «Դրամատուներուն մէջ պահ գումար ունեցող»-ներու բարկութեան ցոյց մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական դրամատան դիմաց: Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ...

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարին

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարին

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպին, որուն հետ քննարկեց նոր կառավարութեան աշխատանքները, յատկապէս արտաքին յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ: Խօսակցութեան նիւթ դարձաւ արտաշխարհին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման խնդիրը, թէ՛ իբրեւ կազմակերպական աշխատանք եւ թէ՛ իբրեւ առաւելագոյն թիւով արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան մասնակցելու խնդիր: Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց նաեւ ներկայ փուլին նախարարութեան դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական նշանակումներու...

Սլիմ Իտալացի Իր Պաշտօնակիցէն  Ստացաւ Նամակ Մը

Սլիմ Իտալացի Իր Պաշտօնակիցէն Ստացաւ Նամակ Մը

Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Իտալիոյ սպայակոյտի պետ զօր. Էնզօ Ֆիքիարելլին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանեան-իտալական զինուորական գործակցութիւնը: Սլիմ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` այս դժուար պայմաններուն մէջ Լիբանանին հսկայական օժանդակութիւններ մատուցելուն համար: Ան դրուատեց նաեւ իտալական զօրամասին դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան շրջագիծին մէջ: Իր կարգին,...

Page 387 of 988 1 … 386 387 388 … 988

Արխիւներ