Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Կիպրացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

October 7, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսն ու անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանանի համար Կիպրոսը բարեկամ եւ դրացի երկիր է, ինչպէս նաեւ դարպասը`  դէպի Եւրոպա:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Քրիսթոտուլիտեսի հետ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ:

Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսին, որ 5 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն տրամադրած էր Լիբանանի հիւանդանոցներուն եւ դպրոցներուն, որոնք քանդուած էին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսին, որ ընդառաջեց Լիբանան-Կիպրոս-Յունաստան եռակողմ վեհաժողովը կազմակերպելու առաջարկին:

Իր կարգին, Քրիսթոտուլիտես ողջունեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը Կիպրոսի համար անխախտ կը մնան:

Քրիսթոտուլիտես յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային եւ ճակատագրական դիրքի վրայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ստիպուած է դիմագրաւել մարտահրաւէրները:

Ան շեշտեց բարեկարգումները անմիջապէս գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Քրիսթոտուլիտես նկատել տուաւ, որ ինք այցելած է երկու հիւանդանոցներ Պէյրութի մէջ` աւելցնելով, որ Կիպրոս յանձնառու կը մնայ զօրակցելու Լիբանանին եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու անոր:

Ան նշեց, որ Պու Հապիպին յանձնած է հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Լիբանան-Կիպրոս-Յունաստան եռակողմ վեհաժողովին, որ մօտիկ ապագային պիտի գումարուի Նիկոսիոյ մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելեց նաեւ Գերմանիոյ պետական նախարար Նիլզ Անեն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլի:

Հանդիպումին ընթացքին Անեն Գերմանիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի եւ ողջունեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Անեն ընդգծեց բարեկարգումները ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել:

Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ ԷՍՔՈՒԱ-ի Արեւմտեան Ասիոյ գործադիր քարտուղար Ռուլա Տաշթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրավիճակը:

Տաշթի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին կեդրոնացած են ԷՍՔՈՒԱ-ի կողմէ լիբանանեան պետութեան օժանդակութեան վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած դժուար պայմանները:

«Հիմնականին մէջ քննարկեցինք տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն լուծման համար թեքնիք օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնները: Այս քննարկումներուն լոյսին տակ հաստատեցինք, որ ԷՍՔՈՒԱ-ն յանձնառու է մնալու Լիբանանի մէջ եւ աշխատելու` ծառայելու համար իր անդամ երկիրներուն: Մենք կը զօրակցինք լիբանանցիներուն եւ Լիբանանէն կը խնդրենք անմիջական կերպով բարեկարգումները իրագործել», շեշտեց Տաշթի:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ ընդունեց Մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կարգ մը հարցեր, որոնք ուղղակի կը վերաբերին արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութեան:

Ապի Նասըր արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկեց արտերկրի լիբանանցիներուն երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկելու իրաւունքի խախտումը երեսփոխանական ընտրութիւնները կրնայ դատական իշխանութեան կողմէ վիճարկումի ենթարկել եւ ապա այդ ընտրութիւնները չեղեալ նկատել:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Տնտեսական Տագնապի Խստացումին Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Ամմանի Մէջ. Յորդանան-Լիբանան-Սուրիա Եռակողմ Ժողով` Լիբանանին Ելեկտրական Հոսանք Մատակարարելու Նպատակով

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.