Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այսօրուընէ Կոչ Կ՛ուղղենք Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Հոլովոյթին Լիբանանեան Եւ Միջազգային Հսկողութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ իրենք կը վստահին կառավարութեան, յատկապէս վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որ հաստատեց, որ իր կառավարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ շրջանցելու համար Լիբանանի դէմ ծառացած բոլոր դժուարութիւնները` ըլլան անոնք մօտիկներու կողմէ, թէ հեռաւորներու:

«Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը անմիջապէս պիտի սկսի գործադրելու բարեկարգումները, առանց որոնց կարելի չէ յաջողութիւն, օժանդակութիւն կամ միջազգային թէ արաբական զօրակցութիւն ապահովել: Ճիշդ է, որ Լիբանան կարիքը ունի իր բարեկամներուն օժանդակութեան, սակայն լիբանանեան պետութիւնը պէտք է պահպանէ երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ բնականոն յարաբերութիւնները, որպէսզի կարգ մը օժանդակութիւններ Լիբանանին իշխելու եւ անոր ինքնութիւնն ու Արեւելքի մէջ խաղաղարար դերակատարութիւնը տապալելու ծածկոյթներու չվերածուին», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ իր յանձնառութիւններուն հաւատարիմ մնալու եւ բարեկարգումներ կատարելու կեցուածքը: «Կառավարութիւնը պէտք է հսկէ Լիբանանի շահերուն, իսկ կառավարութեան կը յանձնարարենք հսկել լիբանանցի երիտասարդներու ապագային, որովհետեւ Լիբանանի ճակատագիրը ուղղակիօրէն կախեալ է անոր երիտասարդութեան ճակատագիրէն: Հետեւաբար երիտասարդութիւնը իր հողին կառչած պահելն է իսկական նուաճումը, որ կենդանի կը պահէ մեր գոյութեան նկատմամբ վստահութիւնը», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ պէտք է յանձնառու մնալ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու առաջադրանքին, որպէսզի թուականները փոփոխութեան ենթարկելն ու օրէնքի բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան պատճառաբանութիւնը ընտրութիւններու կայացման սպառնալիքի չվերածուին:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը այս անգամ կրնայ վտանգները կրկնապատկել, որովհետեւ լիբանանցիները կը փափաքին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել եւ անոնք այդ ընտրութիւնները կը նկատեն երկրին մէջ տիրող կացութեան մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու յոյս մը:

Լիբանանցիները կը փափաքին թափանցիկ եւ պարկեշտ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, առանց քաղաքական գումարներ մսխելու եւ ժողովուրդին աղքատութեան վրայ գրաւներ դնելու: Այդ պատճառով ալ այսօրուընէ կոչ կ՛ուղղենք երեսփոխանական ընտրութիւններու հոլովոյթին լիբանանեան եւ միջազգային հսկողութեան», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վիքթորիա Նուլընտ Պիտի Այցելէ Լիբանան

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?