Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը զօրակցի շրջանին մէջ գտնուող երկիրներուն, յատկապէս արաբական երկիրներուն միջեւ մերձեցման եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով իրագործուող Իրանի ջանքերուն:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ նման երկխօսութիւն մը կրնայ տարբեր հարցերու առնչութեամբ բոլորին տեսակէտները իրարու մօտեցնել:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Իրանի զօրակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս անոր դիմագրաւած տագնապները հարթելուն, ինչպէս նաեւ 4 օգոստոսի պայթումէն ետք անոր տրամադրած օժանդակութիւններուն համար:
Նախագահ Աուն Ապտոլլահեանէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Իրանի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ իրանցի ժողովուրդին:
Իր կարգին, Ապտոլլահեան Ռայիսիի ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Աունին` վերահաստատելով, որ Լիբանանի նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը կը մնայ անխախտ:
Ան շեշտեց, որ Իրանի կառավարութիւնը պատրաստ է Լիբանանին զօրակցելու բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս անոր դիմագրաւած այս տագնապալի օրերուն ընթացքին:
Ապտոլլահեան նախագահ Աունին ներկայացուց շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն գծով Իրանի կեցուածքները, ինչպէս նաեւ կարգ մը արաբական եւ արեւմտեան երկիրներու հետ Թեհրանի կատարած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Ան անդրադարձաւ նաեւ հիւլէական թղթածրարին վերաբերող բանակցութիւններուն:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Ապտոլլահեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Իրան Լիբանանին նեցուկ կը կանգնի եւ կ՛օժանդակէ անոր` դիմագրաւելու իր բոլոր հարցերը:
Ան աւելցուց, որ Պըրրիի հետ համակարծիք եղած են, թէ շրջանի հարցերուն լուծումը անհրաժեշտ է ապահովել այդ երկիրներու ժողովուրդներուն կողմէ:
Ապտոլլահեան նկատել տուաւ, որ Պըրրիի հետ դրական նկատած են Իրան-Սէուտական Արաբիա բանակցութիւնները` ընդգծելով, որ օտար ուժերուն գոյութիւնը հիմնական ազդակ է` շրջանին ապահովական կայունութիւնը խախտելու:
Ան յայտնեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ ամփոփ կերպով քննարկած են աֆղանական թղթածրարը:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Ապտոլլահեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիային:
Հանդիպումին ընթացքին Ապտոլլահեան շնորհաւորեց Միքաթին Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ շեշտեց, որ Լիբանան այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ իր քաղաքացիներուն վստահութիւնը ամրապնդելու:
Ան աւելցուց, որ ատիկա կարելի է կատարել Լիբանանի եւ այլ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելով եւ փոխադարձ յարգանքի ու միացեալ շահերու վրայ զետեղելով այդ յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛ողջունէ որեւէ ջանք, որ ի գործ կը դրուի բարեկամ երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ, այնքան ատեն որ այդ օժանդակութիւնը կը պահպանէ լիբանանեան պետականութիւնը, սահմանադրական հաստատութիւններն ու անոնց դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական եւ զինուորական իր օրինական ուժերը պաշտպանելու եւ հովանաւորելու լիբանանեան պետութեան իրաւունքը:
Միքաթի Լիբանանի կառավարութեան անունով ողջունեց Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկխօսութիւնը, որ հիւրընկալուեցաւ Իրաքի կողմէ:
Ան շեշտեց, որ երկխօսութիւնն ու մերձեցումը արաբական եւ իսլամական երկիրներուն, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մթնոլորտի մէջ ապրիլ փափաքող շրջանի ժողովուրդներուն ճակատագիրն է:
Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց, որ երկխօսութեան մասնակից կողմերը յստակ նպատակներով շարունակեն իրենց սկսած աշխատանքը` փակելու համար տարակարծութեան էջը, որուն շնորհիւ շրջանին վստահութեան մթնոլորտ կը շնորհուի եւ երկիրներուն գերիշխանութիւններուն նկատմամբ յարգանք կը պարտադրուի:
Միքաթի ըսաւ, որ շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանին տրամադրուելիք լաւագոյն ծառայութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ երկխօսութեան հանդիպումներն ու արաբական-իրանեան բանակցութիւնները յանգին ամբողջական համաձայնութեան` բոլոր թղթածրարներուն եւ հարցերուն պարագային, որպէսզի կարելի ըլլայ կայունութիւն հաստատել:
Պու Հապիպ Ընդունեց Իրանցի Իր Պաշտօնակիցը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին ընդունեց Ապտոլլահեանը, որ հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Իրան պատրաստ է 18 ամսուան ընթացքին հազար մեկաուաթ կարողականութեամբ երկու ելեկտրակայան կառուցելու` Պէյրութի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Պու Հապիպի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է լիբանանեան-իրանեան տնտեսական միացեալ յանձնախումբը ժողովի հրաւիրելու, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ զբօսաշրջական յարաբերութիւնները:
Ապտոլլահեան անդրադարձաւ նաեւ Դիմադրութեան նահատակներու, ինչպէս` Իմատ Մուղնիէի, Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի, որոնք իրենց արեամբ գծեցին Լիբանանի, Իրաքի եւ Իրանի մէջ Դիմադրութեան առանցքի ուղին:
Ան շեշտեց, որ Իրան բարձր կը գնահատէ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան ի գործ դրած հսկայ դերակատարութիւնը` թշնամի սիոնականութեան դէմ:
«Պէյրութէն մենք բարձրաձայն կը յայտարարենք, թէ կը ճանչնանք մէկ երկիր` Պաղեստին անունով եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան երեկոյեան ժամը 7:00-ին իրանեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան ուժերու եւ խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ապտոլլահեան չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող առաւօտեան ընթացքին հասաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ան յայտնեց, որ Թեհրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին` փշրելու համար այս դժուար ու տագնապալի օրերուն եւ պայմաններուն ընթացքին` անոր դէմ պարտադրուած անարդար շրջափակումը:
«Լիբանանի օժանդակելու եւ զօրակցելու իմաստով Իրան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ եւ ոչինչով պիտի զլանայ», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան յայտնեց, որ ինք գրեթէ վստահ է, թէ լիբանանցիները պիտի կարենան շրջանցել Լիբանանը յուզող այս դժուար փուլը:
«Այս անգամ եւս Լիբանան պիտի կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած դժուարութիւնները», շեշտեց ան:
ՆՇԵՆՔ, որ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ նախկին դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Ապտոլլահեանի շրջապտոյտը խորհրդանշական է` նկատի ունենալով այն կողմերը, որոնց այցելած է: «Այսինքն` Ապտոլլահեանի շրջապտոյտը` Մոսկուայէն դէպի Պէյրութ եւ ապա Դամասկոս, ցոյց կու տայ այս բոլոր կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը», յայտնեց Զասիփքին:
Ան հաստատեց, որ Ռուսիա-Իրան յարաբերութիւնները շատ աւելի ամրապնդուած են եւ անոնք կը գերազանցեն գործընկերութիւնը` հասնելով մինչեւ Կովկասի եւ Պարսից ծոցի ապահովութեան պաշտպանութիւն: