Նասրալլա. «Նախանձախնդիր Ենք Լիբանանի Խաղաղ Համակեցութեան Ու Մեր Պայքարը Իսրայէլի Եւ Հաւատադրժողական Ծրագիրին Դէմ Է»
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառով անդրադարձաւ Լիբանանի եւ շրջանի իրավիճակին եւ վերջին օրերուն լիբանանեան շրջանակները յուզած ապահովական դէպքերուն: Նասրալլա իր նախանձախնդրութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ քաղաքացիական ապահովութեան ամրապնդման գծով: Ան վերյիշեց իսրայէլեան ուժերու հարաւային շրջաններէն հեռացման օրերուն շրջանի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան գծով Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ձեռնարկած քայլերը: Անդրադառնալով անցնող 14 հոկտեմբերին Թայյունէի արիւնալի բախումներուն, որոնց զոհ...



















