Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատրաստ Ենք Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն Տրամադրելու Լիբանանին` Կառավարութեան Պահանջով» Շեշտեց Ապտոլլահեան

October 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամի Ապտոլլահեան հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանան կատարած իր այցելութեան` հաստատելով, որ Իրան պատրաստ է ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին, հակառակ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն:

«Հակառակ մեր վրայ բանեցուած տնտեսական շրջափակումին եւ ճնշումներուն, մենք պատրաստ ենք օժանդակել Լիբանանին, սակայն պայմանով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մեզմէ օժանդակութիւն պահանջէ: Մենք Լիբանանին օժանդակութիւնները պիտի տրամադրենք ամբողջութեամբ յարգելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը, որ մեզի համար շատ կարեւոր է», ըսաւ ան:

Ապտոլլահեան ընդգծեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանի Դիմադրութեան` պաշտպանելու համար երկրին գերիշխանութիւնն ու ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի Դիմադրութեան` ընդդէմ իսրայէլեան սպառնալիքներուն, եւ այդ զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը պիտի շարունակուին», յայտնեց ան:

Ապտոլլահեան ընդգծեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Լիբանանի ազգային անձնաւորութիւններէն վեհագոյնն է, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ քաղաքական մեծագոյն ղեկավարը:

«Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին` ուղարկուած նաւթին համար: Մենք սէյիտ Նասրալլայի հետ մնայուն կապի մէջ ենք եւ անոր տեսակէտներուն կը հետեւինք ու անոնցմէ կ՛օգտուինք` նկատի ունենալով, որ անոնք ուղղակիօրէն կը բխին Լիբանանի եւ շրջանի բարգաւաճման անոր նպատակներէն», ըսաւ ան:

Նախորդը

«Բանակն Է Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Երաշխիքը, Այլապէս` Միլիսները Վերստին Իրենց Տիրապետութիւնը Կը Բանեցնեն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Ապտալլա Բ. Թագաւորը Կը Վերահաստատէ Յորդանանի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.