Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին Եւ Մաուլաուին

October 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն ընկերակցեցան նախարարներ Հանրի Խուրի, Ժորժ Քըրտահի, Ուալիտ Նասսար եւ Ճոնի Քըրըմ:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը` աւելցնելով, որ անկէ օրհնութիւն խնդրած է, որովհետեւ ամէնօրեայ դրութեամբ այդ օրհնութեան կարիքը կայ:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ` ընդգծելով, որ ինք հաստատած է, որ Լիբանանը պիտի վերադառնայ տնտեսական իր բնականոն ուղիին:

«Քննարկեցինք նաեւ երկրին ընկերային մարզին վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը իր մտահոգութիւնները յայտնեց, յատկապէս երկրագործներուն հարցերուն կապուած», ըսաւ Միքաթի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ունի ըսելիք լիբանանցիին ապրած թշուառ պայմաններուն մասին, Միքաթի ըսաւ. «Մենք ոչ մէկ առիթ կը փախցնենք եւ միշտ ժողովուրդին մտահոգութիւնները կը բաժնենք` գիտնալով հանդերձ, որ անոնք հսկայական են: Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք լուծելու համար Լիբանանը տառապեցնող մեծ հարցերը: Ուժանիւթի նախարարը երէկ արագ քայլերու ձեռնարկեց եւ այցելեց վառելանիւթի կայարանները, իսկ մենք բոլոր օրինազանցները կը հետապնդենք»:

Իր դիմաց Սէուտական Արաբիոյ դռներուն բացուելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան իր քաղաքական եւ կրօնական կողմնացոյցն է, հետեւաբար անոր դռները ցարդ չեն փակուած: «Օրական հինգ անգամ Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ կ՛աղօթեմ», յայտնեց ան:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի դէմ սպառնալիքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք հետապնդած են այդ հարցը, եւ այդ իմաստով տակաւին յստակ ոչինչ կայ: «Դատախազ Պիթարի ապահովութեան առումով միջոցառումներ որդեգրուած են, եւ սպառնալիքին վերաբերեալ արդարութեան նախարարը հետապնդումներ կը կատարէ: Պէտք է սակայն բոլորին համար յստակ ըլլայ, թէ ժողովրդահաճոյ ըլլալուն, օրէնքին եւ սահմանադրութեան միջեւ կայ տարբերութիւն, եւ այս իմաստով պէտք է հանդարտ վերաբերիլ` հեռու ժողովրդահաճոյ ըլլալէ, որովհետեւ մեր նպատակն է ճշմարտութիւնը բացայայտել», հաստատեց վարչապետ Միքաթի:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, որ յայտնեց, թէ կառավարութիւնը իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին: «Այսօր կը վերահաստատենք, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման յանձնառու կը մնանք: Կ՛աշխատինք կազմակերպել թափանցիկ ընտրութիւններ, եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ այդ ընտրութիւնները յաջող ընթանան: Ընտրութիւններուն յաջողութիւնը իմ յաջողութիւնս պիտի ըլլայ», ըսաւ Մաուլաուի:

 

 

Նախորդը

«Իրան Ամբողջական Յարգանք Կը Տածէ Լիբանանեան Գերիշխանութեան Նկատմամբ Եւ Կը Փափաքի Ամէն Իմաստով Զօրակցիլ Երկրին» Շեշտեց Ապտոլլահեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ, Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Բարեկարգումները Գործադրելու Խոստումը Կը Շարունակուի Պարտադրուիլ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.