Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու

October 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը:

Ան հաստատեց, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները եւ քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւնները կը փափաքին ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել` աւելցնելով, որ չկայ քաղաքական ուժ մը, որ կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել եւ ներկայ խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգել:

Ան յայտնեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան իրաւունքը յարգելու պահանջին` աւելցնելով, որ Հըզպալլա 1992-էն ի վեր կոչ կ՛ուղղէ եւ կը զօրակցի 18 տարիքը ամբողջացուցած երիտասարդներուն քուէարկութեան իրաւունք տալու:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան տագնապին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ երկիրը ամբողջական մութի ենթարկել կը նշանակէ երկիրը դէպի փորձանք առաջնորդել:

«Ելեկտրականութեան տագնապը կարիքը ունի արմատական լուծման: Կոչ կ՛ուղղեմ կառավարութեան օրակարգի իբրեւ առաջին կէտ եւ իբրեւ առաջնահերթութիւն նկատի ունենալու այդ տագնապին լուծումը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն բազմաթիւ առաջարկներ ներկայացուած են` լուծելու համար ելեկտրականութեան հարցը, «սակայն եթէ այդ հարցին լուծման առումով ամերիկեան վեթօ գոյութիւն ունի, ապա պէտք է այդ մասին յայտարարուի, որպէսզի ըստ այնմ լուծումներ որդեգրուին: Այս իրականութեան կողքին, պէտք չէ անպատասխան ձգել Իրանի արտաքին գործոց նախարարին կատարած առաջարկը, որ կը վերաբերէր նոր ելեկտրակայաններու կառուցման` լուծելու համար ելեկտրականութեան տագնապը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա մտահոգութիւն յայտնեց, որ պահանջուածը ըլլայ ելեկտրականութեան մարզի ամբողջական փլուզումը` արդարացնելու համար այդ մարզը սեփականաշնորհելու պատճառաբանութիւնը:

Դէպի Լիբանան իրանեան մազութ մատակարարելու մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ այդ հոլովոյթը տակաւին Ա. փուլին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Ա. փուլը պիտի աւարտի այս ամսուան աւարտին: «Մազութի հարցով մենք այլ ընկերութիւններու հետ մրցակցութեան մէջ չենք գտնուիր, այլ` անմիջական կարիքներ կը հոգանք», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ դէպի Լիբանան իրանեան մազութ մատակարարելու Բ. փուլը պիտի սկսի նոյեմբերին` ընտանիքներուն ջեռուցումը ապահովելու նպատակով:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը քաջալերեն լիբանանեան պետութիւնը` Իրանէն մազութ գնելու առումով, եւ աւելցուց, որ եթէ նման որոշում տրուի, իրենք երաշխիքներ եւ գումակային դիւրութիւններ կը տրամադրեն ու յետս կը կոչեն մազութ ապահովելու աշխատանքին իրենց ներգրաւուածութիւնը:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ այդ հետաքննութիւնը շարունակուի` նոյնիսկ եթէ նահատակներուն ընտանիքները հրաժարին այդ պահանջէն, «որովհետեւ մենք նաեւ այն ընտանիքներէն ենք, որոնք նահատակներ, վիրաւորներ եւ տուժածներ ունեցան», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն ճշմարտութիւնը եւ հաշուետուութիւնը` աւելցնելով, որ հետաքննութեան պատասխանատու ներկայ դատաւորը իր նախկինին սխալներէն չսորվեցաւ, այլ` ուղղուեցաւ քաղաքականացնելու եւ կողմնակալ մօտեցում ցուցաբերելու այս թղթածրարին նկատմամբ:

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան դատաւորը քաղաքականութեամբ կը զբաղի եւ կը միտի քաղաքական թիրախաւորում կատարել` առանց ցանկալու այդ պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտել», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան զգուշացուց, որ երկիրը դէպի հսկայական աղէտ պիտի ուղղուի, եթէ դատաւորը իր այս ընթացքով շարունակէ:

«Դատաւորներուն պատասխանատուութիւնը նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու պատասխանատուութենէն շատ աւելի մեծ է, որովհետեւ իրենք են, որ արտօնութիւն տուած կ՛ըլլան: Դատական իշխանութիւնը կը փափաքի ինքզինք պաշտպանել, այդ պատճառով ալ յարգելի վարչապետ Հասսան Տիապը բանտարկել կը ջանայ: Ա՞յս է օրէնքի եւ դատական իշխանութիւններու պետութիւնը », հարց տուաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա պահանջեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակուի թափանցիկութեամբ եւ անաչառութեամբ:

 

Նախորդը

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները Շատ Աւելի Ամուր Են, Քան Արտաքին Ճնշումները» Շեշտեց Խաթիպզատէ

Յաջորդը

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին, Եւ Խորհրդարանի Նստաշրջանը Պիտի Չերկարաձգուի»

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.