Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է 50 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնելու Նաւահանգիստի Պայթումէն Տուժածներուն

Հոկտեմբեր 7, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Կառավարութիւնը քննարկեց 10 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, իսկ նիստէն բացակայեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ` ճամբորդութեան պատճառով:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի շեշտած է, թէ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի բոլոր հարցերը լուծելու` աւելցնելով, որ իրենք կամք եւ կորով ունին երկիրը դարձեալ ոտքի կանգնեցնելու:

Միքաթի նշած է, որ օտար պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին յստակ դարձած է, որ անոնցմէ շատեր Լիբանան պիտի այցելեն` զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով:

«Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Իսկ տնտեսական եւ ելեւմտական հարցը, որ հիմնական է կառավարութեան համար, պիտի լուծուի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ սկսելիք բանակցութիւններով, դրամատնային գործառնութիւններուն կարգաւորումով` նախ եւ առաջ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումար ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքը փրկելով: Տակաւին կան ընկերային հարցերը, ինչպէս` կրթութիւն, առողջապահութիւն, ծառայութիւններ, ելեկտրականութիւն, հաղորդակցութեան միջոցներ, նաւահանգիստ եւ այլ հարցեր, որոնց լուծման համար ծրագիրներ պիտի մշակուին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին», ըսաւ Քըրտահի:

Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է 50 միլիառ լ. ոսկի յատկացնելու նաւահանգիստի պայթումէն տուժածներուն, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուած է ընդունելու 500 հազար «Ֆայզըր»-ի պատուաստ, որ Ֆրանսայի կողմէ նուիրուած է Լիբանանին:

Քըրտահի նկատել տուաւ, որ ելեկտրականութեան վերաբերեալ հարցերը չեն քննարկուած` նկատի ունենալով, որ նախարար Ֆայեատ նիստին ներկայ չէ եղած: Ան աւելցուց, որ ելեւմուտքի նախարարէն պահանջուած է 2022-ի պետական ամավարկը պատրաստել:

Կառավարութեան նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի «Սքայնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը մշակէ Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու ծրագիր մը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի օժանդակէ նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներուն:

Ան նշեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի դատախազը վստահելի է` աւելցնելով սակայն, որ ժողովրդահաճոյ ըլլալուն եւ սահմանադրութեան գործադրութեան միջեւ տարբերութիւն կայ:

Միքաթի նշեց, որ ինք ստորագրած է յայտարարութիւն մը, որուն հիման վրայ կոչ կ՛ուղղուի բոլորը անձեռնմխելիութենէ զրկել, որպէսզի դատավարութեան ենթարկուին, «իսկ սահմանադրութիւնը կը հաստատէ, որ նախագահները, իշխանութեան պետերն ու նախարարները դատական յատուկ ատեանի մը կողմէ դատավարութեան կ՛ենթարկուին», աւելցուց ան:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն է ելեւմտական եւ ելեկտրականութեան հարցերուն լուծումը, որովհետեւ պետութիւնը ամերիկեան տոլար չունի` վառելանիւթ գնելու, որպէսզի կարենայ ելեկտրակայանները բանեցնել եւ ելեկտրականութիւն ապահովել: «Իսկ եթէ պատահի, որ ելեկտրականութեան մարզը բարեկարգելու թղթածրարը արգելակուի, ապա արգելակողներուն ինքնութիւնը տեղւոյն վրայ պիտի բացայայտեմ», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն` Միքաթի յայտնեց, որ անոնց վրայ մեծ յոյսեր դրուած են, սակայն այդ բանակցութիւնները անբաւարար են:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի շեշտեց, որ այդ իմաստով տակաւին վերջնական որոշում չկայ:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի իրանեան նաւթ փոխադրող իրանեան նաւերուն հետ: «Հըզպալլա չի կրնար հակադրուիլ երկրին օրինական անցքերը հսկելու քայլին, իսկ ապօրինի անցքերը բացայայտեցինք, երբ իրանեան մազութ փոխադրող սիթեռնները մուտք գործեցին Լիբանան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան համար նաւթի եւ կազի արտահանումը կարեւոր է` շեշտելով, որ Լիբանանի իրաւունքներէն զիջիլը անկարելի է:

«Լիբանանի ներկայ իրավիճակին պատասխանատուն քաղաքական դասն է», ըսաւ Միքաթի:

Ան յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանին պիտի յայտնէ Լիբանանի կեցուածքը` կոչ ուղղելով Իրանին իր շրջապատին հետ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններուն յանձնառու մնալու եւ յարձակողական որեւէ քայլի չնախաձեռնելու:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին կարգ մը խմբաւորումներ, որոնք իրենք զիրենք կը կոչեն «Գերիշխանական խմբաւորումներ», արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց գործադրեցին բողոքի ցոյց մը` մերժելով Ապտոլլահեանի Լիբանան այցելութիւնը: Ապտոլլահեան երէկ ուշ գիշերին հասաւ Պէյրութ:

Վարչապետ Միքաթիի Այցելուները

Վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց Գերմանիոյ պետական նախարար Նիլզ Անենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլի:

Վարչապետը հաստատեց, որ Լիբանան կ՛արժեւորէ Գերմանիոյ ջանքն ու հետաքրքրութիւնը, որ կը դրսեւորուի Լիբանանի նկատմամբ, յատկապէս` երկրին դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ հակառակ դժուարութիւններուն, Լիբանան կարողութիւն ունի դարձեալ ոտքի կանգնելու` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի եւ կը ջանայ լուծել հրատապ հարցերը, ինչպէս նաեւ գործադրել ներքին լիբանանեան բարեկարգումները, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններու սկսիլ:

«Կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումներ գործադրել, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն յաւելեալ ելեկտրականութիւն տրամադրել, ինչպէս նաեւ ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն համար հատուցման քարտի դրութիւնը իրականացնել: Կառավարութիւնը կառչած կը մնայ իր բոլոր ծրագիրները թափանցիկութեամբ գործադրելու յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Միքաթի բարձր գնահատեց Կիպրոս փոխադրուած լիբանանցի քաղաքացիներուն նկատմամբ կիպրական բարեկամ իշխանութիւններուն ցուցաբերած հոգատարութիւնը:

Քրիսթոտուլիտես ընդգծեց, որ Կիպրոս յանձնառու է օժանդակելու եւ զօրակցելու Լիբանանին, եւ կոչ ուղղեց Միքաթիին գործադրելու բարեկարգումները, որպէսզի Լիբանան միջազգային իր կշիռը վերստանայ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն «Լիբանանեան Արժանեաց Ոսկեայ Շքանշան» Ընծայեց Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանին

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Համաձայնած Են Կրկին Հանդիպիլ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?