Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Ֆայեատ. «Իրենց Դռները Փակ Պահած Վառելանիւթի Կայարանները Պիտի Պատժուին»

October 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ ցաւ յայտնեց, որ երկրէն իր բացակայութեան ընթացքին Լիբանանի տարածքին գործող մեծ թիւով պենզինի կայարաններ նախանցեալ օր փակած են իրենց դռները եւ վառելանիւթ չեն յանձնած քաղաքացիներուն` վառելանիւթի նոր սակացոյցի չգոյութիւնը պատճառաբանելով:

Ֆայեատ հաստատեց, որ ինք կը ցաւի կայարաններուն կողմէ առնուած այս քայլին համար, որ քաղաքացիներու շահերուն հետ կը հակադրուի եւ ուղղակի շանթաժ ու օրինազանցութիւն կը նկատուի:

«Վառելանիւթի կայարաններուն սեփականատէրերը իրենց աշխատանքը պէտք էր շարունակէին` նոյնիսկ եթէ նոր սակացոյցը չէր հրապարակուած, յատկապէս այն իրականութիւնը նկատի ունենալով, որ տակաւին նոյն վառելանիւթն է, որ կը գործածուի, այսինքն` նոր սակերու հիման վրայ վառելանիւթի նոր քանակներ չեն ներածուած», ըսաւ Ֆայեատ:

Ան զգուշացուց նման քայլերու դիմողները իր որդեգրելիք իրաւական քայլերէն` հաստատելով, որ օրինազանցներուն եւ լիբանանցի ժողովուրդը չարաշահողներուն դէմ խստագոյն պատժամիջոցներուն պիտի դիմէ:

Այս յայտարարութեան լոյսին տակ Վառելանիւթ ցրուուղ ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա հաստատեց, որ նախարար Ֆայեատ իրմէ պահանջած է կայարանները վերաբանալ` աւելցնելով, որ վառելանիւթի նոր սակացոյցը ըստ այնմ պիտի ճշդուի:

Ապու Շաքրա յայտնեց, որ իրենք վարժ են իւրաքանչիւր չորեքշաբթի նոր սակացոյց ունենալու` նկատել տալով, որ կարգ մը կայարաններ պենզին չունէին եւ այդ պատճառով իրենց դռները փակ պահած են:

Ան կոչ ուղղեց ուժանիւթի նախարարութեան` գործակցելու վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերուն հետ:

Զաուաթի. «Մինչեւ Տարեվերջ Կարելի Պիտի Ըլլայ Լիբանանին Ելեկտրական Հոսանք Մատակարարել»

Նշենք, որ Յորդանանի ուժանիւթի նախարար Հալա Զաուաթի յայտնեց, որ ինք ստուգած է Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ելեկտրական ցանցը վերանորոգելու մօտաւոր ժամանակը` յոյս յայտնելով, որ մինչեւ տարեվերջ կարելի ըլլայ այդ ցանցով Լիբանանին ելեկտրականութիւն մատակարարել:

Զաուաթի նկատել տուաւ, որ Լիբանան կը ջանայ ելեկտրականութեան մատակարարման գումարը ապահովել Միջազգային դրամատան ճամբով` աւելցնելով, որ Լիբանան ելեկտրականութիւն մատակարարելու իմաստով գործող որեւէ ընկերութիւն «Սիզըր» օրէնքը պիտի չխախտէ:

Սալամ. «Կարգ Մը Մարզերու Մասնակի Սեփականաշնորհումը Առկայ Ընտրանք Է»

Միւս կողմէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան կարգ մը մարզերու մասնակի սեփականաշնորհումը առկայ ընտրանք է, յատկապէս` այն մարզերը, որոնք լիբանանեան պետութեան իշխանութեան ներքեւ ձախողութիւն արձանագրած են:

Սալամ շեշտեց, որ սեփականաշնորհումը պիտի կատարուի ըստ օրէնքի եւ նորահաս սերունդներուն իրաւունքները պահպանելու նպատակով:

Սալամ ընդգծեց, որ ուժանիւթի հարցով հսկայ տագնապ մը գոյութիւն ունի, եւ այդ տագնապին պատճառով տուժած են զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերութեան մարզերը: «Այսինքն, եթէ տնտեսական եւ դրամատնային լուծումներ կարելի չըլլայ ապահովել, ապա դժուար պիտի ըլլայ այդ մարզերուն մէջ տիրող կացութիւնը բարելաւել», հաստատեց Սալամ:

Ան շեշտեց նաեւ, որ բոլոր երկիրները պատրաստ են օժանդակելու Լիբանանին, երբ ան աւելի յստակ կացութեան մէջ գտնուի:

Սալամ երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը իրենցմէ ելեկտրական հոսանք ստացող բաժանորդներուն համար հաշուիչներ պէտք է տեղադրեն մէկ ամսուան ընթացքին:

Որոշումին համաձայն, ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը իրենց հաշուոյն պիտի տեղադրեն այդ հաշուիչները:

Հաժ Հասան. «15 Հոկտեմբերէն Սկսեալ Յորդանան Իր Շուկաները Պիտի Բանայ Լիբանանեան Խնձորին Դիմաց»

Երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պաալպեքի երկրագործութեան մարզի պաշտօնէութեան հետ` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտի:

Հաժ Հասան յայտնեց, որ 15 հոկտեմբերէն սկսեալ Յորդանան իր շուկաները պիտի բանայ լիբանանեան խնձորին դիմաց` աւելցնելով, որ երկրագործութեան մարզին պարագային գործակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ Սուրիոյ եւ արաբական բարեկամ բոլոր երկիրներուն հետ:

Հաժ Հասան հաստատեց, որ յատկապէս Պաալպեք-Հերմելի եւ Պեքաայի մէջ ինք կը փափաքի անդրադառնալ հնդկական կանեփի ցանքին` ընդգծելով, որ անոր ցանքը արդէն իսկ օրինականացուած է, իսկ հնդկական կանեփի ցանքը մօտիկ ապագային պիտի գործադրուի:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Իրան Մնայուն Կերպով Պիտի Զօրակցի Լիբանանին» Շեշտեց Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.