Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 202 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:

ՎՃՌԱԲԵԿ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ժանեթ Հաննա մերժեց երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլի եւ Ղազի Զաայթերի առաջարկը, որ կը վերաբերի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարը այդ պատասխանատուութենէն զերծ կացուցելուն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ան յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին ներկայացուցած է այն ծրագիրները, որոնց գործադրութեան համար կ՛աշխատի ներքին գործոց նախարարութիւնը` հանգստացնելու համար քաղաքացիները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտը: Ռայի պատրիարքը կարեւոր նկատեց, որ Լիբանանի բարեկամ երկիրները անոր դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին զօրակցին Լիբանանին, ինչպէս նաեւ անոր օժանդակութեան նպատակով միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպեն:

ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնը կը զուգադիպի երկուշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2021-ին:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումը այսօր պիտի գումարէ դռնփակ նիստ մը, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի առաւօտեան ժամը 9:00-ին` համախմբումի ընդհանուր քարտուղարին խօսքով, իսկ փակումը պիտի կատարուի 4:45-ին` մամլոյ ասուլիսով մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուին համախմբումին որդեգրելիք յանձնարարականները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Պրիթել գիւղաքաղաքի մուտքերը շրջափակեց, որպէսզի խուզարկումներ կատարէ եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ ձերբակալէ: Բանակը իր այս գործողութեան համար օգտագործեց նաեւ ուղղաթիռներ: Բանակը Հերմելի մէջ գրաւեց տասը թոն հաշիշ:

ՊԻՒԹԱԿԱԶԻ ցրուիչներու նախագահ Ժան Հաթեմ նախատեսեց, որ պիւթակազի շիշին սակը աւելի քան 200 հազար լ. ոսկի ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ իրենք առաջարկած են բոլորը անձեռնմխելիութենէ զրկել, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան այցելութիւնը պիտի բարդացնէ կառավարութեան մշակած փրկութեան ծրագիրի գործադրութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ լիբանանցիները ձանձրացած են ճառերէն եւ հաղորդագրութիւններէն` աւելցնելով, որ երկրին տագնապներուն լուծումը գործնական քայլերու կարիք ունի: Ան շեշտեց, որ կառավարութենէն կը պահանջուի արտակարգ որոշումներ տալ կացութեան մը համար, որ աւելի քան արտակարգ է: «Երեսփոխանական պլոքները համոզուած են ընտրութիւնները կատարելու», ըսաւ ան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ կառավարութեան գործադրելիք բարեկարգումները առաջնահերթութիւն են` աւելցնելով, որ պէտք է ելեւմտական շուկայի սանձարձակութիւնը զսպել, իսկ դրամատնային համակարգը վերակազմակերպել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշի յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինին եւ 18 տարիքը  ամբողջացուցած երիտասարդներուն քուէարկութեան իրաւունք շնորհելուն վերաբերող պահանջները իրաւացի են:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերջ տալու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի աշխատանքը կասկածի տակ առնելուն, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ դատական իշխանութիւններուն վստահութիւնը հարցականի տակ առնել` ծառայելու համար սուրիական վարչակարգին եւ անոր դաշնակիցներուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի իրանեան ազդեցութեան տակ, իսկ մեծագոյն մարտահրաւէրն է ներկայ իշխանութիւններէն օրինականութիւնը ձեռք ձգել` յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Փարիզ կը սպասէ բարեկարգումներ կատարելու Լիբանանի կառավարութեան խոստումին իրագործումին: Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն, որ լիբանանցիները միջամուխ պէտք չէ դառնան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւններուն:

«ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան հսկող ֆրանսացի պատուիրակ Փիեռ Տիւքանի Պէյրութի մէջ կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները յոռետեսական են:

Նոյն կայանին համաձայն, Տիւքան պատասխանատուները զգուշացուցած է, որ այդ օժանդակութիւնները Լիբանանին պիտի չտրամադրուին` նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, իսկ բարեկարգումները մինչեւ տարեվերջ պէտք է կատարուած ըլլան:

 

 

 

Նախորդը

Գաղափարին Համար, Ազգին Համար (Փորձ` Սիմոն Զաւարեանի Կերպարին Ընդմէջէն Բնորոշելու Դաշնակցականն Ու Դաշնակցութիւնը)

Յաջորդը

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները Շատ Աւելի Ամուր Են, Քան Արտաքին Ճնշումները» Շեշտեց Խաթիպզատէ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.