Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, լիբանանցի իր պաշտօնակիցին, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին եւ պաղեստինեան խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Այդ առիթով Ապտոլլահեան իրանեան դեսպանատան մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ Իրան ամբողջական յարգանք կը տածէ լիբանանեան գերիշխանութեան նկատմամբ եւ կը փափաքի ամէն իմաստով զօրակցիլ երկրին` երկու կառավարութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու ընդմէջէն:
Ան նշեց, որ Իրան կը շարունակէ Լիբանանին նաւթ ուղարկել` յոյս յայտնելով, որ այդ հոլովոյթը կը շարունակուի կառավարութեան հետ գործակցութեամբ:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Իրան պատրաստ է իր բոլոր կարողութիւնները եւ ներուժը զետեղելու Լիբանանի դիմաց` Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը զարգացնելու նպատակով:
Ան ընդգծեց, որ Իրան պատրաստ է աշխատելու` կառուցելու համար երկու ելեկտրակայաններ:
Ապտոլլահեան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը Իրանի համար յատուկ նշանակութիւն ունի` աւելցնելով, որ պատմական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Հըզպալլա միշտ ալ զօրակցած է իր ժողովուրդին եւ բոլոր դժուարութիւններուն ընթացքին Լիբանանի կողքին կանգնած է:
«Իրանի համար Լիբանանի մէջ կան 4 հիմնասիւներ, որոնք են` կառավարութիւնը, ժողովուրդը, Դիմադրութիւնն ու բանակը: Այն պահուն, երբ Լիբանան պաշտօնապէս կը խնդրէ Իրանի օժանդակութիւնը, մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու կառավարութեան եւ նաւթ ուղարկելու Լիբանան, իսկ այս փուլին Հըզպալլան կամ Դիմադրութիւնը խնդրեց մեզմէ նաւթի ուղարկումը, հետեւաբար ոչ մէկ ձեւով զլացանք նաւթ ուղարկել Լիբանան», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան նկատել տուաւ, որ լիբանանցի եւ իրանցի առեւտրականները կրնան գործակցութիւնը ամրապնդել եւ տնտեսական առումով նուաճումներ արձանագրել:
Ան հաստատեց, որ Իրան պատրաստ է Լիբանանին օժանդակելու` մեթրոյի, երկաթուղիի, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցի մարզերուն մէջ բարգաւաճում արձանագրելու նպատակով: «Պատրաստ ենք նաեւ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին` անոր ապահովելով սննդեղէն, դեղորայք եւ այլ արտադրութիւններ», աւելցուց Ապտոլլահեան:
Ան իր վստահութիւնը յայտնեց, որ շրջանի երկիրներն ու ժողովուրդները պիտի չարտօնեն, որ Միացեալ Նահանգներ յաջողին անոնց վրայ պարտադրած իրենց տնտեսական պատերազմին եւ շրջափակումին մէջ: «Մենք պատրաստ ենք այդ պատժամիջոցներուն դիմադրելու եւ զանոնք քանդելու` ուրիշներուն բացուելու, երկխօսութիւն կատարելու եւ շրջանային գործակցութիւն ծաւալելու ընդմէջէն», ըսաւ Ապտոլլահեան:
Սէուտական Արաբիոյ հետ Իրանի երկխօսութեան անդրադառնալով` Ապտոլլահեան յայտնեց, որ անիկա ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ իրենք կարիքը ունին յաւելեալ երկխօսութեան: «Մենք ցարդ յաջողած ենք հասնիլ որոշ արդիւնքներու եւ համաձայնութիւններու», յայտնեց ան:
Ապտոլլահեան ընդգծեց, որ ինչպէս Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւս շրջանին մէջ կարեւոր երկիր է` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են, որ զոյգ երկիրները մեծ ազդեցութիւն ունին ձգելիք շրջանի ապահովական կայունութեան ամրապնդման վրայ:
Հիւլէական թղթածրարի բանակցութիւններուն վերադառնալու իմաստով Ապտոլլահեան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են Վիեննայի բանակցութիւններուն վերադառնալու` դիտել տալով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է վերադառնան իրենց յանձնառութիւններուն, որոնք հիմնական չափանիշներն են` այդ բանակցութիւնները շարունակելու:
Սէյիտ Նասրալլայի Հետ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Ապտոլլահեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին մասին Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ապտոլլահեան վերահաստատեց Լիբանանի նկատմամբ իրանեան կեցուածքն ու զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր մարզերուն մէջ Իրանի կողմէ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի դիւանագիտութեան պետին` իր կատարած այցելութեան համար, ինչպէս նաեւ այն իրականութեան համար, որ Իրան տասնեակ տարիներէ ի վեր միշտ կը զօրակցի Լիբանանի պետութեան, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իրան փաստած է, թէ Լիբանանի անկեղծ դաշնակիցն է եւ մտերիմ բարեկամը, որ իր բարեկամը չի լքեր, ինչքան ալ դժուար ըլլան պայմանները: Ան շեշտեց, որ Լիբանանը իր դիմագրաւած այս ծանր տագնապէն դուրս բերելու յոյսերը մեծ են` բոլորին գործակցութեամբ: